Ամերիկեան Միշիկըն նահանգի դպրոցներուն մէջ յետ այսու Հայոց Ցեղասպանութեան դասանիւթը պիտի մատուցուի: Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Միշիկընի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Միշիկըն քաղաքի ներկայացուցիչներու տան մէջ երէկ՝ 23 փետրուարին կայացուած քուէարկութեամբ մը նահանգի ներկայացուցիչները մեծամասնութեամբ կողմ քուէարկած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը,որպէս նիւթ դպրոցներէն ներս դասաւանդելու օրինագիծի մը վրայ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ օրինագիծը ներկայացուած է Միշիկընի ներկայացուցիչներու տան անդամ Քլինթ Քէսթոյի կողմէ եւ այն կը կրէ 4493 համարը: Տեղին է նշել, որ Միշիկընի նահանգային խորհրդարանը երկպալատ է։ Բանաձեւը պէտք է հաստատուի նաեւ վերին պալատին` ծերակոյտին կողմէ։