Հնչակեան գործիչ Գրիգոր Խոտանեանի կարծիքով՝ հայութեան համար շատ կարեւոր է, որ ԱՄՆ ընտրուելիք նախագահը հայանպաստ դիրքորոշում ունենայ ղարաբաղեան հիմնախնդրի հարցով. ան այս մասին «Արեւելք»ին խօսելով ըսաւ. «Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ նոր վարչակարգը Ղարաբաղի հարցով ունենայ որոշ չափով իր հայանպաստ կեցուածքը եւ պաշտպանէ Արցախի ժողովուրդին ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ապահովէ խաղաղ միջոցներով Ղարաբաղի հարցին լուծումը»: Անոր կարծիքով Տոնալտ Թրամփին հետ յոյսեր կապել հնարաւոր չէ. «Թրամփէն ակնկալիքներ կարելի չէ ունենալ առայժմ, իսկ ընտրուելէն յետոյ՝ դժուար է գիտնալ: Հիլըրի Քլինթընէն մեր ակնկալութիւնը այն պիտի ըլլայ, որ ինք ցեղասպանութեան հարցով շարունակէ Օպամայի կեցուածքը. թէեւ ան «ցեղասպանութիւն» բառը չգործածեց, սակայն վերջին 4 տարիներուն «Մեծ Եղեռն» բառը գործածեց»: Անդրադառնալով Քլինթընի թեկնածութեան, Խոտանեան յիշեցուց, որ ան, որպէս պետքարտուղար այցելած է Հայաստան, քննարկած Հայաստանի եւ ցեղասպանութեան հարցերը. «Ան մօտէն տեղեակ է բոլոր այդ հարցի ծալքերուն, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Արցախի հարցին, հետեւաբար անծանօթ մը չէ»,-աւեցուց ան:
Արեւմտեան Ամերիկայի ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմնի ատենապետը երկու թեկնածուներուն միջեւ արշաւի սրութիւնը մեկնաբանելով, նշեց. «Այս պայքարին սուր ըլլալու երեւոյթը Տոնալտ Թրամփի անձն է, որ քաղաքական դաշտ մուտք գործեց առանց ոչ մէկ քաղաքական պատշաճութեան, կրցաւ իր շուրջ համախմբել դժգոհներու բաւական մեծ զանգուած մը, որոնք կը կարծեն, թէ իրենց մտահոգութիւնները լուծում պիտի գտնեն Թրամփի ընտրութեան պարագային»: Մեր զրուցակիցը մատնանշեց, որ նախագահական ընտրութիւններուն հանրապետականներու ընտրութեան հաւանականութիւնը տարուէ-տարի սկսած է նուազիլ՝ սպիտակամորթ ընտրողներու տոկոսի նուազումին եւ անոր դիմաց այս դժգոհ զանգուածի՝ սպանախօսներու տոկոսի աճին պատճառով. «Սպիտակամորթները, տեղացի ժողովուրդը, ժամանակի ընթացքին արդէն սկսած է դառնալ փոքրամասնութիւն: Վերջին տասնամեակներուն մեծ թիւով սպանախօս ամերիկացիներ, ընդհանրապէս Մեքսիքայէն եւ հարաւային Ամերիկայէն այստեղ գալով, սկսան բաւական մեծ թիւ կազմել եւ ընտրութիւններու արդիւնքներուն մէջ ծանրակշիռ դեր ունենալ»,-մեկնաբանեց Խոտանեան:
Անդրադառնալով ամերիկահայերու դիրքորշման, «Արեւելք»-ի զրուցակիցը դիտել տուաւ, որ հայութեան ձայները վճռորոշ չեն նախագահական ընտրութիւններու պարագային, յատկապէս որ այդ ձայները կեդրոնացած է Քալիֆորնիոյ մէջ, մանաւանդ որ, Քալիֆորնիա նահանգը վերջին 20-25 տարիներուն գրեթէ ընտրապայքարի չէ մասնակցած, եւ միշտ դեմոկրատները ընտրուած են: Հայկական կուսակցութիւններու դիրքորոշման մասին խօսելով, ան յայտնեց, որ անոնք միշտ որդեգրած են սկզբունքային դիրքորոշում: Ան խօսքը առնաձնացնելով Հնչակեան կուսկացութեան մասին, յայտնեց, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը միշտ զօրակցած է գաղափարապէս իրեն մօտ եղող կուսակցութեան, հետեւաբար՝ Դեմոկրատական կուսակցութեան եւ բնակաբար անոր թեկնածուին: Խոտանեան նշեց, որ այս պարագային չէզոք կեցուածք որդեգելը նոյնպէս սկզբունքային էր, որովհետեւ նկատի առնուած է Հիլըրի Քլինթընի՝ հայկական ցեղասպանութեան հարցի հանդէպ ունեցած դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ անոր գլխաւոր դերակատարութիւնը՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու արձանագրութիւններուն, որուն դէմ էր սփիւռքահայութիւնը, առաւել, Սուրիոյ մէջ ի նպաստ ընդդիմութեան զինուորական միջամտութիւն ունենալու մտահոգութիւնը եւ միւս կողմէ, Թրամփի նկատմամբ անվստահութիւնը ստեղծեցին չէզոք դիրք ունենալու հանգամանքը:
«Այս անգամ հայութիւնը մասնաւոր դիմում չներկայացուց ոչ մէկ թեկնածուի, հայկական ցեասպանութեան հարցով իր դիրքը ճշդելու: Սակայն Հնչակեան կուսակցութիւնը իր զօրակցական նամակին մէջ յիշեցուց Հիլըրի Քլինթընին, որ զինք ընտրելով, կ'ակնկալուի, որ ան վերադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի նկատմամբ իր նախկին կեցուածքին եւ ճանչնայ ցեղասպանութիւնը, ինչպէս որ ըրած էր ծերակոյտի անդամ եղած ժամանակ»,- բացատրեց Հնչակեան պատասխանատուն:
Հակառակ հայութեան յուզող հարցեր չքննարկուելուն, Խոտանեան նկատել տուաւ, որ այդ մասին բացայայտում մը կատարուած էր «Ուիքիլիքս»ի կողմէ. Հիլըրի Քլինթընի ընտրարշաւի ղեկավարի գաղտնազերծուած նամակներէն մէկուն մէջ հարց տրուած է, թէ 100 ամեակի նկատմամբ ինչ կեցուածք պէտք է որդեգրել, սակայն արդիւնքի մասին չէ յստակացուած: Ան այս մատնանշումներէն ելլելով նկատել տուաւ, որ Քլինթըն այնուամենայնիւ ծանօթ է եւ որոշ առընչութիւններ ունի հայկական հարցին, իսկ Թրամփ հայութեան մասին գաղափար չունի:
Խոտանեան նաեւ ըսաւ, որ վերջերս ամերիկեան պարբերականը յօդուած մը հրապարակած է, ուր փաստեր ներկայացուած են Թրմափի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ ունեցած տնտեսական գործարքներուն մասին եւ իր կարծիքով այդպիսի կապեր ունեցող որեւէ գործիչ անկախ պիտի չըլլայիր որոշումներուն մէջ: Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն՝ Միջին Արեւելք-ին վրայ ունենալիք ազդեցութեան մասին խօսելով, Խոտանեան առանձնացուց Իրաքի եւ Սուրիոյ պարագան: Ան յայտնեց. «Իրաքի պարագային ըստ որոշ տեղեկութիւններու ամերիկեան մի քանի հարիւր զինուորներու թիւը բարձրացած է 5000-ի: Ան մօտէն կը մասնակցի այդ պատերազմին: Իր օդուժը մնայուն կերպով այդ երկրի երկնակամարին վրայ է»: Այնուհետեւ մեկնաբանելով Սուրիոյ պարագան, Խոտանեան նշեց, որ առայժմ ԱՄՆ կեդրոնացած է «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման դէմ արշաւին վրայ: «Մուսուլի կողքին նաեւ քանի մը օրէ, ի վեր սկսած են Ռաքքայի վրայ յարձակումները, օգտագործելով քիւրտերու զինուորական ջոկատները»,-ըսաւ ան, բացատրելով, որ Հիլըրի Քլինթըն աւելի արմատական կեցուածք ունի եւ կը խորհի, որ Ռուսաստանի միջամտութեամբ, Սուրիոյ մէջ, հաւասարակշռութիւնը խախտած է գետնի վրայ ի նպաստ Պաշշար Ասատի, ինչ որ բանակցային լուծումը անկարելի կը դարձնէ: Ըստ Խոտանեանի, Հիլըրի Քլինթըն վերջին բանավէճին ընթացքին յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ պէտք է հաստատել ապահովութեան գօտիներ, ուր սուրիական բանակի օդային թռիչքները արգիլուին: «Միւս կողմէ, այս պարագան կրնայ Ռուսաստանի հետ հարցեր ստեղծել: Քլինթըն նաեւ կարեւոր կը նկատէ Ասատի իշխանութեան փոփոխութիւնը այդ երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմին վերջ դնելու»:
Ամերիկեան հասարակութեան ընտրապայքարի վերջին ժամերը ներկայացնելով, Խոտանեան յայտնեց, որ բարեբախտաբար երկրին մէջ մթնոլորտի փոփոխութիւն չի նկատուիր, ժողովուրդը հանդարտ կ′երթայ եւ իր թաղի տեղամասէն ներս ձայնը կու տայ, առանց աղմուկի, կանոնանւոր ձեւով, նշելով, որ անոնք ընդհանրապէս քաղաքականութեան մասին չեն խօսիր. «Տարբերութիւն չենք զգար, ամէն մարդ հեռուստացոյցէն կը հետեւի 24 ժամուան շարունակական լուրերու հաղորդման: Ինչպէս նաեւ՝ այս օրերուն համացանցի վրայ ալ բազմաթիւ էջեր կան, որոնք արդիւնքները կը վերլուծեն եւ կանխատեսումներ կ′ընեն»,-ըսաւ Խոտանեան, նշելով, որ այդ կանխատեսումները ընդհանրապէս Հիլըրի Քլինթընի ի նպաստ են: «Թրամփի ընտրութեամբ կրնայ պատմական անակնկալ մը պատահիլ»,-եզրափակեց Գրիգոր Խոտանեան: