image

Մեծ հրդեհ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ(Տեսանիւթ)

Մեծ հրդեհ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ(Տեսանիւթ)

Քիչ առաջ մեծ հրդեհ ծագած է Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է լիբանանեան ԶԼՄ-ներու կողմէ: 

Կը նշուի նաեւ, որ լիբանանեան բանակը քաղաքացիներէն պահանջած է հեռու մնալ Պէյրութի նաւահանգիստին կից եղող գլխաւոր մայրուղիէն:

Ըստ «Ալ-Արապիա» կայանին, հրդեհին հետեւանքով գրանցուած են վիրաւորներ, սակայն այդ տուեալը մինչեւ այս պահը անստոյք է:

Յիշեցնենք, որ ինչպէս նախապէս գրած էինք, անցեալ 4 Օգոստոսին Պէյրութը ցնցած էր մեծ պայթում մը, որ տեղի ունեցած էր նաւահանգիստին մէջ եւ պատճառ դարձած մեծագոյն վնասներու։