«Պէտք է բոլոր օրինական ճանապարհներով Բարեգործականը ստիպենք, որ Մելգոնեան վարժարանը վերաբանայ» «Արեւելք»ին յայտնեց Կիպրոսի Մելգոնեան Վարժարանի շրջանաւարտ ՝ Յովսէփ Գոփուշեան: Գոփուշեան նաեւ ըսաւ,որ Մելգոնեանը կարելի է վերաբանալ, որպէս Հայաստանի հետ կապ ունեցող բարձր մասնագիտական դպրոց կամ հիմնարկ: Ան կարեւորեց Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ գտնուող Մելգոնեան կրթարանի կառոյցը զայն համարելով Մելգոնեան եղբայրներու կողմէ հայ ժողովուրդին իբրեւ կտակ ձգուած ժառանգութիւն: Մելգոնեանէն շրջանաւարտ եղած Ղոփուշեան, որ հաստատաուած Սիտնէյ ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ այսօր ընթացող պատերազմին հետեւանքով Մելգոնեանը կրնայ անոնց համար ապահով ուսման վայր դառնալ: Ան այս առումով յիշեց, որ Իրանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն ընթացքին պարսկայհայ աշակերտներուն դէպի Նիկոսիա ներհոսքին մասին եւ ըսաւ « Իրանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն հետեւանքով մեծ թիւով պ պարսկահայեր Մելգոնեան յաճախեցին ու այդ օրերուն էր, որ մեր հայերէնի դասապահը բաժնուեցաւ երկու մասի ՝Արեւելահայերէն եւ Արեւմտահայ: Երբ տարեշրջանը աւարտին հասաւ , պարսկահայերը չէին կրնար վերադառնալ իրենց երկիրը, որովհետեւ ստիպուած պիտի ըլլային զինուորագրուիլ ու այդ պատճառով անոնք Կիպրոս մնացին: Անոնք մնացին Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ եւ շրջանի հայ գործատէրեր ու նոյնիսկ տեղացիներ այդ աշակերտներուն գործ հայթայթեցին իրենց գործատեղիներուն մէջ»:Խօսելով Մելգոնեանի վերաբերեալ Կիպրոսի կառավարութեան բարեացակամ կեցուածքին մասին Գոփուշեան ըսաւ, «Կիպրոսի կառավարութիւնը միշտ օժանդակած է տեղի հայերուն եւ մասնաւորապէս Մելգոնեան վարժարանը արժանացած է Կիպրական կառավարութեան յատուկ ուշադրութեան»:Գոփուշեան նաեւ ըսաւ, որ եթէ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը բարի կամեցողութիւնը ունենայ Մելգոնեանը վերաբանալու ապա միջոցներ կը հայթայթուին այդ առաքելութիւնը շարունակելու համար: Ան եզրակացնելով իր խօսքը յիշեց, որ իր մեծ հայրն ու հայրը նոյնպէս եղած են Մելգոնեանցնիներ եւ ըսաւ «Դպրոցին հետ իմ ունեցած կապս կու գայ ընտանիքէս» եւ յարեց, թէ «Մելգոնեանը միայն վարժարան մը չէր այլ ընտանիք էր»: Գոփուշեան յոյս յայտնեց, որ զինք կազմաւորած վարժարանը անպայման պիտի վերաբացուի եւ ըսաւ՝ «Երազս է նախքան մահանալս տեսնել Մելգոնեանի վերաբացումը»: