Փոքրիկն Իշխանին ծանօթացայ երկու տարի առաջ, երբ նոր տեղափոխուած էինք Երեւանի Արաբկիր թաղամասի Այգեկցի փողոցին վրայ գտնուող մեր տունը։ Ամէն օր, դպրոցէն ետք, երկու տղաներս փողոց դուրս կու գային խաղալու թաղի երեխաներուն հետ եւ տուն վերադառնալով՝ կը պատմէին իրենց մանկական անմեղ արկածախանդրութիւններուն մասին՝ յաճախ նշելով Իշխան անունը։ Օր մը, մեծ տղաս՝ Ռուբէնը, տուն վերադարձաւ բաւական տխուր, եւ մօտենալով ինծի՝ ըսաւ.
–Դուրսը կը խաղայինք, երբ անձրեւ սկսաւ։ Իշխանին տունը գացինք, որ շարունակենք խաղը։ Պզտիկ տուն է, ննջարանը շատ փոքր, 4 հոգի կը պառկին հոն։ Յետոյ, երբ անձրեւը զօրացաւ, տանիքէն ջուր սկսաւ կաթելու սենեակին մէջ։ Իշխանին մաման մէկ հատ դոյլ դրաւ անկողիններուն քով, որ ջուրը մէջը լեցուի։ Հայրի՛կ, տունը շատ հին է, ո՛չ խոհանոց կայ, ո՛չ ալ լուացարան։ Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս կ՛ապրին հոն, շա՛տ դժուար է։ Իշխանը ըսաւ, որ տունը նորոգելու փող չունին, հայրիկն ալ տարիներ առաջ Ռուսիա գացեր է, բայց դրամ չի կրնար ղրկել։ Արդէն շատոնց լուր չունին իրմէ…
Հազարաւոր այլ հայերու նման, Իշխանին հայրն ալ, իր ընտանիքի կեանքը բարելաւելու յոյսով, տասնամեակ մը առաջ կը մեկնի Մոսկուա՝ ետին թողնելով կինը, որդին, երկու դուստրերը, մայրն ու մօր երկու քոյրերը։ Սկզբնական տարիներուն աշխատած գումարներէն մաս մը կը ղրկէր ընտանիքին, բայց ապա գործերը վատ ընթացք կ՛առնեն։ Որոշ ժամանակ անց աւելի քիչ կապ կը պահէ ընտանիքին հետ, յետոյ ընդհանրապէս ձայնը չի լսուիր։ Իշխանը չի գիտեր, թէ ինչո՛ւ հայրիկը չի խօսիր իրենց հետ. մայրիկն ալ պատասխան չունի։
Հիմա այս ընտանիքին բեռը ամբողջութեամբ իր ուսերուն վերցուցած է Իշխանի մայրիկը, որուն անունը՝ Հայաստան է։ Խանութի մը մէջ հաւաքարար կ՛աշխատի եւ կը ստանայ ամիսը 40 հազար դրամ։ Իշխանի տատիկը, հակառակ իր յառաջացած տարիքին, շաբաթը քանի մը օր դեղատան մը մաքրութիւնը կ՛ընէ, իսկ ստացած չնչին գումարով իր անհատական ծախսերը նոյնիսկ չի կրնար հոգալ։ Նոյն վիճակին են նաեւ իր երկու քոյրերը, որոնք աւելի երիտասարդ ըլլալով հանդերձ, մնայուն աշխատանք եւ եկամուտ չունին։
Այս տարի, Հայաստան իր երեք զաւակներէն երկուքը ուղարկեց գիշերօթիկ դպրոց՝ մանկատուն։ «Ի՞նչ անեմ, կեանքը գնալով թանկանում ա՛, մեր աշխատած փողերով չենք կարողանում ընտանիք պահել։ Մանկատանը երեխէքը գոնէ նորմալ հաց են ուտում, իսկ շաբաթավերջերին եւ արձակուրդներին գալիս են տուն։ Տունն էլ մի բան չի, նորմալ զուգարան չկայ, ջեռուցում չկայ, տանիքից էլ ջուր ա կաթում», ըսաւ Հայաստան, երբ օր մը, փողոցը հանդիպելով՝ հետաքրքրուեցայ Իշխանին մասին։
Այս մասին պատմեցի Ամերիկայէն եւ Լիբանանէն Հայաստան այցելող քանի մը ընկերներու։ Անտարբեր չէին կրնար մնալ։ Անմիջապէս որոշեցին յատուկ առիթով մը գումար հաւաքել եւ նորոգել Իշխանի տունը։ Ընկերոջ մը տարեդարձն էր, եւ փոխան նուէրներու՝ խնդրեցինք Իշխանի տան նորոգութեան համար գումար նուիրել։ Այցելու եւ տեղացի ընկերներ ու բարեկամներ առատաձեռն գտնուեցան եւ նուիրեցին աւելի, քան կ՛ակնկալէինք։
Երբ Իշխանի մայրիկին տեղեկացուցի, որ իր տան նորոգութիւնը շուտով իրականութիւն պիտի դառնայ, յուզուեցաւ եւ ապա ուրախութեամբ պատասխանեց.
– Անչա՛փ շնորհակալ եմ։ Ասեմ, որ անունս Հայաստան է, ես էլ Հայաստանի նման տոկուն եմ. տարիներ դիմացել եմ ու էլի կը դիմանամ։ Մի քիչ օգնութեամբ որ ոտքի կանգնեմ, երեխէքիս տեղ հասցնեմ, նրանք արդէն կը կարողանան օգնել իրենց մայրիկ Հայաստանին եւ հայրենիք Հայաստանին։
Գրեցէ՛ք ինծի:
Րաֆֆի Տուտագլեան
rafdoud@aol.com
«Ասպարէզ»