image

Մարտակերտի գրեթէ բոլոր դպրոցները սկսան գործել

Մարտակերտի գրեթէ բոլոր դպրոցները սկսան գործել

Արցախի Մարտակերտ շրջանի առաջնահերթ խնդիրներէն է բնակարանային ապահովման լուծումը: Այս մասին «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցին տեղեկացուցած է Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ղեկավար՝ Հայկ Բախշիեանը:

«Պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանական զինուած ուժերու հրթիռահրետակոծութեան հետեւանքով  մասամբ կամ ամբողջութեամբ  վնասուած է Մարտակերտի բնակարաններու 70-80 տոկոսը: Ընդ որում՝  հիմնովին աւերուած բնակարաններուն  թիւը համեմատաբար փոքր է: Մեծ մասամբ վնասուած են բնակելի շէնքերու ու առանձնատներու տանիքներն ու պատուհանները: Մարտակերտ վերադարձած է շրջկեդրոնի բնակչութեան 50, իսկ գիւղերու՝ 90 տոկոսը: Այդ թիւերը  այժմ աճողական միտում ունին:  Բնակչութիւնը տեղաւորելու համար կը տրամադրենք փոլիէթիլենային թաղանթներ պատուհանները ժամանակաւորապէս ծածկելու համար: Աշխատանքներ կը տանինք նաեւ վնասուած բնակարաններու վերականգնման ուղղութեամբ, սակայն  անոնք առայժմ դանդաղ կ'ընթանան՝ կապուած շինանիւթի մատակարարման խնդիրներուն հետ: Ընդհանուր առմամբ շրջանի բնակավայրերը  վերաբնակուած են նաեւ Մարտակերտի՝  ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած գիւղերու 360 ընտանիք:  Թալիշի ու Մատաղիսի բնակչութեան  հետ միասին անօթեւան մնացած ընտանիքներու թիւը կը հասնի 500-ի: Զանոնք բնակարաններով ապահովելու համար ընդհանուր առմամբ կը պահանջուի համապատասխան թիւով  նոր բնակարաններ: Խնդրի լուծման համար կը նախատեսենք նաեւ գնել եւ անոնց տրամադրել այն բնակարանները, որոնց սեփականատէրերը տարիներ շարունակ  փաստացի այստեղ չեն բնակիր»,-մանրամասնած է Շրջանի վարչակազմի ղեկավարը:

Ղեկավարի խօսքով Մարտակերտի շրջանի գրեթէ բոլոր բնակավայրերուն մէջ, բացի երկու գիւղէ, վերաբացուած են դպրոցական հաստատութիւնները:  Ներկայ շրջանի դպրոցներու աշակերտներուն թիւը կը կազմէ 1476՝ մինչ պատերազմեան 3367-ի փոխարէն:

Անդրադառնալով վնասուած ենթակառուցուածքներու վերականգնման՝ ան տեղեկացուց, որ ներկայիս 75-80 տոկոսով վերականգնուած է Մարտակերտի կազամատակարարումը, գրեթէ ամբողջութեամբ՝ ելեկտրականութեան մատակարարումը:

«Մարտակերտին մէջ այս պահուն վատ վիճակի մէջ կը գտնուին կապի միջոցները: Համացանց առայժմ չկայ: Դժուարութեամբ կը  կարողանանք զանգահարել  Հայաստանի Հանրապետութեան հեռախօսահամարներով եւ հակառակը՝ այնտեղէն չեն կրնար զանգահարել մեզի»,-նշեց Հայկ Բախշիեան: