Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ, երկուշաբթի կէսօրին լքած է Ռամալլայի հիւանդանոցը, ուր 8 օրէ ի վեր բուժում կը ստանար:
«Arabic Post» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, 83-ամեայ Ապպաս քալելով դուրս եկած է հիւանդանոցէն, ուր կը գտնուէր թոքերու բորբոքման պատճառով, այնուհետեւ պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն հաստատած է, որ երեքշաբթի օրուընէ աշխատանքի պիտի վերադառնայ:
Նշենք, որ Ապպասի հիւանդանոցէն դուրս գրուիլը քանի մը անգամ յետաձգուած էր, որ եւ պատճառ դարձած էր իր առողջական վիճակին շուրջ տարբեր ենթադրութիւններու տարածման: