Միջազգային քաղաքական ուժեր՝ Ռուսիա, ԱՄՆ, Թուրքիա, Եւրոպա, Իրան վերջին շրջանին բանակցութիւններ կը վարեն Սուրիոյ պետական եւ ընդդիմադիր ուժերուն հետ, քննարկելով անցումային մարմին ստեղծելու հարցը, որ այժմու կառավարութիւնը փոխարինելով նոր սահմանադրութիւն պիտի հաստատէ, նախապատրաստուելով խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններուն:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքի փոխանցմամբ, անցումային կառավարութիւն հիմնելու քննարկումները ընդգրկած են նաեւ այն առաջարկը, որ երկրի ղեկավարը հեռացուի բանակի գլխաւոր հրամանատարութենէն, եւ բանակի աշխատակազմի ղեկավարը ինք ստանձնէ գլխաւոր հրամանատարութիւնը, որ ենթակայ պիտի ըլլայ Պաշտպանութեան նախարարին:
Իր հերթին Ռուսիա եւ այլ երկիրներ առաջարկած են Մահեր Ասատի զինուորական աստիճանի բարձրացում շնորհելով վերջինիս յանձնել բանակի գլխաւոր հրամանատարութիւնը, միաժամանակ չեղարկելով այն կէտը, թէ նախագահ Պաշշար Ասատ ինք է բանակի գլխաւոր հրամանատարը:
Նման քայլով բանակը փաստացիօրէն կը շարունակէ մնալ Ասատի իշխանութեան տակ, բան մը, որ Սուրիոյ այժմու կառավարութեան գերխնդիրն է: