Փարիզի մէջ օրեր առաջ միջադէպ մը եղած է. լիբանանցի արմատներով հայ լրագրող մը մօտեցած է Մաքրոնին եւ անկէ խնդրած, որ զօրավիգ կանգնի Լիբանանի ժողովուրդին։
Լրագրողը ներկայացած է ըսելով, թէ ինք պատերազմական լրագրող Լէօ Նիկոլեանն է. «Լիբանանցի ժողովուրդը այսօր իր պայքարին մէջ առանձին մնացած է, երկրին մէջ կան հարիւրաւոր ձերբակալուածներ, իսկ Լիբանանի քաղաքական վերնախաւը կը բաղկանայ բռնակալներէ»։
Նիկոլեան, որ անարգական խօսքեր ըսած է Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի հասցէին, մատը թափ տալով ըսած է, որ նախագահ Մաքրոն պարտաւոր է զօրավիգ կանգնիլ լիբանանցի անարդարուած ժողովուրդին։
Նշենք, որ Նիկոլեանի եւ Մաքրոնի միջեւ եղած միջադէպը պատահած է այն օրը, երբ Մաքրոն կը մասնակցէր Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու կողմէ տեղի ունեցող ամենամեայ ընթրիքին. Մաքրոն կը պատրաստուէր մուտք գործել հանդիսութիւններու սրահ։ Տեսանիւթին մէջ ալ կ՚երեւին Ֆրանսայի հայկական CCAF-ի երկու համանախագահներ՝ Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեանը։
Կը նշուի, որ եղած միջադէպը առաջինը չէ. օրեր առաջ Նիկոլեան կշտամբած էր նաեւ Ֆրանսայի մօտ Լիբանանի դեսպանին։