image

Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու թիւը սկսած է նուազիլ

Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու թիւը սկսած է նուազիլ

Լիբանանի մէջ 2014 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով սուրիացի գաղթականներուն թիւը նուազած է մէկ միլիոնէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութիւնը:

Ըստ ՄԱԿ-ի պաշտօնական տուեալներուն, սոյն թուականի նոյեմբերի վերջը Լիբանանի մէջ գրանցուած սուրիացի գաղթականներու թիւի 997,905 անձ կազմած է, որոնց մեծ մասը կիներ ու երեխաներ են, մինչդեռ նախորդ տարուան դեկտեմբերին անոնց թիւը 1,011,366 էր:

ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով յանձնակատարի հաւաստմամբ, 2014 թուականի ապրիլին գաղթականներու թիւը մէկ միլիոն էր, եւ այդ թուականէն ի վեր առաջին անգամ է, որ այդ թիւէն նուազած է:

Յանձնակատարին կարծիքով, թիւի նուազումը պայմանաւորուած է գաղթականներու Սուրիա վերադարձով, կամ անոնց մահով:

Նշենք, որ 2011-2017 թուականներուն միջեւ մօտ 49 հազար սուրիացի գաղթական ՄԱԿ-ի վերաբնակեցման ծրագիրի օժանդակութեամբ մեկնած են տարբեր երկիրներ, մասնաւորապէս՝ ԱՄՆ, Շուէտ եւ Ֆրանսա: