image

Լիբանանի մէջ եղած իրադարձութիւններու հետեւանքով գրանցուած են 70 վիրաւորներ. Անոնց մէջ հայեր չկան Շահան Գանտահարեան խօսած է «Թերթ» կայքին

Լիբանանի մէջ եղած իրադարձութիւններու հետեւանքով գրանցուած են 70 վիրաւորներ. Անոնց մէջ հայեր չկան Շահան Գանտահարեան խօսած է «Թերթ» կայքին

Լիբանանոի մէջ հարկային քաղաքականութեան վերաբերեալ դժգոհութիւններէն սկիզբ առած ցոյցերը այսօր կը ստանան քաղաքական ենթաթեքսթ։ Ցուցարարները կը պահանջեն կառավարութեան հրաժարականը, խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւներ, կը պահանջեն մշակել նոր սահմանադրութիւն, ստեղծել անցումային կառավարութիւն եւ ներգրաւել մասնագէտներ: Ցուցարարները կը ցանկան նաեւ, որ Լիբանանի մէջ տարբեր ժամանակաշրջաններու իշխանութեան մաս կազմած ընտանիքները պատասխանատւութիւն կրեն պետութենէն գողացուած խոշոր չափի գումարներու համար: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը։ 

«Ցուցարարները կը կարծեն, որ մինչ այժմ եղած ոչ մէկ կառավարութիւն չէ կրցած լուծել Լիբանանի առջեւ ծառացած խնդիրները։ Այդ պատճառով ցուցարարները կը պահանջեն անցումային կառավարութեան ստեղծում»,-ըսած է Գանտահարեանը։

Անոր խօսքով՝ քաղաքական շատ շրջանակներ, թէպէտ անթաքոյց կ'աջակցին ցուցարարներուն, սակայն դէմ են վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին, քանի որ կը կարծեն՝ սա կրնայ երկրիմ մէջ անկայունութիւն առաջացնել։

Գանտահարեանը յայտնած է նաեւ, որ Լիբանանի բանակի ներգրաւումէն յետոյ երկրի խոշոր քաղաքներու կարեւոր փողոցներն արդէն բաց են։ Վերջինս նաեւ նշած է, որ թէպէտ բանակը ներգրաւուած է ցոյցերը հանդարտեցնելու գործընթացին, սակայն ամէն կերպ փորձ կ'ըլլայ զերծ մնալ ցուցարարներու հետ բախումներէն եւ բռնութիւններէն։ 

«Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը յայտնած է, որ ցոյցերուն կը մասնակցին նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները, սակայն ցոյցերու հետեւանքով տուժած 70 քաղաքացիներու մէջ հայեր չկան։