Այսօր Լիբանանի մէջ ծայր առած բողոքի ցոյցերուն 13-րդ օրն է։
Հազարաւոր քաղաքացիներ, որ երէկ ամբողջ օրը, հակառակ կլիմայական վատ պայմաններուն ու տեղատարափ անձրեւին, շարունակեցին իրենց բողոքի ցոյցերը, վճռած են այսօր եւս լսելի դարձնել իրենց ձայնը։
Ըստ RLL կայանին, դէպի Պէյրութ տանող տասնեակ ճանապարհներ կը շարունակեն փակուած մնալ։
Կը սպասուի նաեւ, որ այսօր յետմիջօրէի ժամերուն մեծաթիւ քաղաքացիներ հասնին Պէյրութի կեդրոնական հրապարակներ։
Յիշեցնենք, որ լիբանանցիք կը պահանջեն գործող կառավարութեան ու նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին հրաժարականը, մինչ քաղաքական շրջանակներ ու յատկապէս նախագահ Աունի մօտիկ աղբիւրներ կարծիք յայտնած են, որ ներկայ փուլին նպատակայարմար չեն գտներ գործող կառավարութեան բարեփոխումը կամ հրաժարականը։