image

Լիբանանի ցոյցերուն տարողութիւնը անակնկալ էր բոլորին համար. Խաժակ Այնթէպլեան

Լիբանանի ցոյցերուն տարողութիւնը անակնկալ էր բոլորին համար. Խաժակ Այնթէպլեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ լիբանանահայ համայնքային գործիչ Տօքթ. Խաժակ Այնթէպլեանը


Լիբանանի ամբողջ տարածքով մէկ բողոքի ցոյցեր են:  Ի՞նչ կը կարծէք,
լիբանանցիները այս անգամ պիտի կարողանա՞ն իրենց նպատակները իրականացնել:


Այս հարցը բաւական խրթին է, դժուար է կանխատեսել, թէ ինչ պիտի ըլլայ արդիւնքը: Հիմա ցուցարարները սկսած են պահանջել իշխանափոխութիւն, կառավարութեան հրաժարական, բոլոր իշխանութեան վրայ գտնուողներուն՝ ըլլայ Նախագահի կամ Խորհրդարանի նախագահի հրաժարականներ, խորհրդանական արտահերթ ընտրութիւններ եւ այլն, բայց գաղտնիք չէ որ Լիբանանի մէջ այսպիսի պահանջներ իրականացնելը շատ դժուար է, մի քանի իմաստով. Նախ այն պատճառով,  որ Լիբանանը համայնքային երկիր է, կը յիշէք թէ վերջին կառավարութիւնը ինչպէս կազմուեցաւ, մօտ մէկ ու կէս տարի տեւած երկար բանակցութիւններէ եւ դժուարութիւններէ ետք հազիւ Լիբանանը կրցաւ կառավարութիւն մը կազմել:  Հիմա կառավարութեան հրաժարումը կրկին ճգնաժամ պիտի յառաջացնէ երկրին մէջ եւ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը դժուար պիտի ըլլայ: Իսկ այս պայմաններով կամ համայնաքային այս դրութեամբ եւ այս օրէնքներով, եթէ նոր կառավարութիւն կազմուի, նոյն տեղը պիտի հասնինք, բան մը պիտի չփոխուի: Այդ պատճառով ալ, երկիրը ծանր փուլերէ պիտի անցնի... Այդ փուլերուն մէջ կրնայ ներառուիլ սահամանադրական փոփոխութիւն, եւ չենք  գիտեր, որ  արդեօք Լիբանանը պատրաստ է ատոր: Մէկ խօսքով ինչ որ փոփոխութիւն պիտի ըլլայ, ժողովուրդը ինք պիտի վճարէ  ատոր    գինը ...։ Չմոռնամ  ըսել,  որ երկրին մէջ  անտանելի տնտեսական ճգնաժամ ստեղծուած է եւ ժողովուրդին կացութիւնը դարձած է անտանելի ու հաւանաբար  ատոր համար է, որ այսօր փողոց իջած ժողովուրդը պատրաստ է մինչեւ վերջ երթալու։


-Ձեր կարծիքով, ժողովուրդին պահանջները արդարացի՞ են, թէ՞ չափազանցուած: 


Լիբանանի վիճակը վերջին տարիներուն յայտնի էր արդէն, տնտեսական ահաւոր նահանջի մէջ էր երկիրը եւ ժողովուրդի տնտեսական կացութիւնը կամաց-կամաց վատթարացում կ'արձանագրէր: Իսկ Լիբանանի տնտեսական տագնապի պատճառները յստակ են. Այդ պատճառներէն առաջինը՝ փտածութիւնն է, իսկ երկրորդ պատճառը Լիբանանի մէջ պաշտօնէութեան ամսականներու եւ ուսուցչական ամսականներու յաւելումներու օրինագիծի  վաւերացումն էր, որ աւելի բարդացուց վիճակը։  Լիբանանի կառավարութիւնը ստիպուած եղաւ  այս ճնշումներուն տակ, ինք իր  պիւտճէէն շատ աւելի մեծ որոշումներ առնել, եւ պաշտօնեաներուն ամսականներու յաւելումները  օրինականացնել։ Այն ատեն յայտնի էր, որ եթէ այս յաւելումները կիրառուին, տեղ մը պիտի գայ ուր անկարելի պիտի ըլլայ պետական պիւտճէին հաշւոյն  այս գումարները շարունակել վճարել: Եւ երբ Լիբանանի կառավարութիւնը հասաւ անել վիճակի  մը առջեւ, այսինքն անկարելի էր այլեւս պետական պիւտճէին հաշւոյն այս վճարումները կատարել, կառավարութիւնը ստիպուեցաւ նոր որոշումներ առնել, եւ ստեղծուած բացը լրացնել դարձեալ ժողովուրդին հաշւոյն, տուրքերու յաւելումներ դնելով։ Վերջինը այս Whats-appի տուրքերն էին, որ սխալ որոշում մըն էր Լիբանանի կառավարութեան կողմէ: Իրենք ալ չէին ակնկալեր որ այսքան մեծ պոռթկում կրնայ  յառաջացնել, ճիշդ է Whats-appի տուրքը չնչին էր, բայց ժողովուրդին մօտ մեծ պոռթկում յառաջացուց: Բնականաբար այդ պոռթկումը յանկարծ չյառաջացաւ այլ տարիներու կուտակուած ճնշուածութեան արդիւնքն էր,  ու կարծես ժողովուրդը առիթի մը կը սպասէր որ պոռթկայ : Այս վերջին Whats-appի հարցը պարզապէս պատճառ մը եղաւ որ մարդիկ հաւաքուին եւ փողոց իջնեն, ինչ որ անակնկալի բերաւ պետական բոլոր օղակները:  Եղածը, մեծ անակնկալ էր նաեւ ժողովուրդին համար,  որ քաջալերուելով ստեղծուած   պատկերէն  եւ  մէկ կողմ դնելով բոլոր համայնքային ու կուսակցական տարակարծութիւններն ու լարուածութիւնները,  փողոց իջաւ...։ Կամաց-կամաց ցոյցերը աւելի մեծ տարողութիւն ստացան: Պէտք է ըսել, որ այո՛, ժողովուրդին պահանջը արդարացի է, նկատի առնելով նշեալ երեւոյթները,ըլլայ փտածութիւնը, տնտեսութիւնը բարելաւելու կամ տնտեսական այս ճգնաժամը փարատելու պետութեան առած սխալ որոշումները: Մէկ խօսքով ժողովուրդի գրպանին մէջ սկսան փնտռել տնտեսական լուծումը, առանց դպնալու իրենց գրպաններուն կամ առանց բարեկարգումներ ընելու պետական փտտած համակարգին մէջ: 

  

-Շատեր մտավախութիւն ունին, որ այս շարժումը կրնայ շահագործուիլ քաղաքական արտաքին կողմերու կողմէ եւ որոշ հաշիւներով երկիրը ուղղակի տապալել կամ քաղաքացիական բախումներու տանիլ: Ի՞նչ կը մտածէք այդ առումով:


Այն մտավախութիւնը, որ այս ցոյցերը կրնան շահագործուիլ արտաքին քաղաքական ուժերու կողմէ, այո՛ այդ մտավախութիւնը միշտ առկայ է, մանաւանդ Լիբանանի պէս երկրի մը մէջ, ուր համայնքները եւ քաղաքական կուսակցութիւնները կը կառավարուին արտաքին քաղաքական ուժերու կողմէն, եւ երբ որ այս ցոյցերը սկսին ծառայել կամ վնաս հասցնել ինչ որ արտաքին քաղաքական ուժի մը, ինչպիսին է՝ Պարսկաստան, Միացեալ Նահանգներ, Սէուտական Արաբիա, Սուրիա, կամ այլ քաղաքական որեւէ ուժի մը, այո՛ անոնք կրնան չարաշահել եւ տարբեր խլրտումներ յառաջացնել երկրին մէջ։Հակառակ այս մտավախութեան, սակայն, պէտք է շեշտել եւ դրական վերաբերուիլ այն երեւոյթին, որ արդէն ութերորդ օրը թեւակոխելով, ցոյցերը շատ խաղաղ բնոյթ կը կրեն, եղան փորձեր այս ցոյցերուն գոյն տալու,  նոյնիսկ ցոյցերու ընթացքին որոշ արիւնալի դէպքեր եղան, բայց ժողովուրդը չտարուեցաւ, ընդհակառակը կրցաւ համախմբուիլ եւ ցոյցերը պահել խաղաղ: Ժողովուրդի այս վերաբերմունքն ու համախմբումը պէտք է դիտել որպէս այս ցոյցերուն ամէնէ դրական կողմը, եթէ ժողովուրդը կրցաւ պահել այս համախմբուածութիւնը, որեւէ մէկը դժուարութիւն պիտի ունենայ չարաշահելու այս կացութիւնը:

 

-Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ լիբանանահայութեան վրայ։


Այո, լիբանանահայութիւնն ալ Լիբանանի ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասնիկն է եւ մասնակից է այս երկրի առօրեային, ու նաեւ կ'ազդուի երկրի տնտեսական կացութենէն,  եւ ինքն ալ Լիբանանի ժողովուրդին հետ կը պոռթկայ: Ցոյցերուն մէջ կան հայ մասնակիցներ, թերեւս ալ մեծ թիւով հայեր, չենք կրնար հաշուել, որովհետեւ այս ցոյցերը սկիզբէն արդէն յայտնի են, որ համայնքային գոյն չեն ստացած. համայնքային կամ կուսակցական ղեկավարներու դրդումներով կամ քաջալերանքով  չէ որ ժողովուրդը կ'երթայ  մասնակցելու, այլ ամէն մարդ ինք իր կամքով կ'երթայ կը մասնակցի, հետեւաբար հայերն ալ իրենք իրենց կամքով կ'երթան եւ կը մասնակցին այս ցոյցերուն:

Իսկ թէ այս ցոյցերը ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան լիբանանահայութեան վրայ, դժուար է ըսել, այդ մէկը արդէն կախեալ է, թէ ցոյցերը ինչ արդիւնքով կ՚աւարտին։ Եթէ նոր իրավիճակ մը ստեղծուի Լիբանանի մէջ, բնականաբար լիբանանահայութիւնն ալ պիտի ազդուի, թէ՛ դրական եւ թէ՛ բացասական իմաստով (նայած արդիւնքներէն): Իսկ եթէ ցոյցերը կարողանան առնուազն միայն տնտեսական փոփոխութիւններու ենթարկել երկիրը, ապա ամբողջ ժողովուրդը պիտի շահի, որուն մաս կը կազմէ նաեւ լիբանանահայութիւնը: