Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական տագնապին հետեւանքով մեծ թիւով ընտանիքներ յայտնուեցան բաւական բարդ դրութեան մը մէջ։ Մէկ կողմէ ապրուստ ապահովելու դժուարութիւնը եւ միւս կողմէ երկրին անդամալուծուած վիճակի մը մէջ յայտնուիլը մինչ այդ անապահով համարուած խաւերը դարձուցին աւելի խոցելի։ Այս բոլորը հաշուի առնելով՝ Լիբանանի հայկական երեսփոխանական պլոքը յանձն առաւ կարեւոր նախաձեռնութիւն մը, որու շնորհիւ ալ կարելի պիտի ըլլայ առաջին օգնութեան ձեռք մեկնել այդ անապահով ընտանիքներուն։
Այս առթիւ ալ «Արեւելք» շահեկան հարցազրոյց մը ունեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի գրասենեակի «Միասնաբար ուրախացնենք հայ ընտանիք մը» նախաձեռնութեան համակարգող, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանին հետ։
-Պրն. Հաւաթեան, այսօր ինչպիսի՞ն է լիբանանահայութեան ընդհանուր իրավիճակը եւ ի՞նչ տրամադրութիւններ կը տիրեն Լիբանանի հայ համայնքի շրջանակներուն մօտ։
Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը այս պահու ստեղծուած նոր կացութիւն չէ, այլ արդէն կը համենար վերջին քանի մը տարիներուն եւ քաղաքացին շատոնց արդէն սկսած էր կրել անոր ժխտական ազդեցութիւնները։ Վերջին 2 ամիսներու դրամատնային տագնապը եկաւ աւելի խորացնելու կացութիւնը եւ ամբողջ երկիրը սկսաւ ապրիլ այս դառն իրականութիւնը։ Լիբանանահայութիւնը բնականաբար անմասն պիտի չմնար այս կացութենէն։ Լիբանանահայը իր կարգին այսօր կը գտնուի իր առօրեայ անհրաժեշտ օրապահիկը ապահովելու դժուարութեան դէմ յանդիման եւ անշուշտ այս երեւոյթը կու գայ անդրադառնալու համայնքի հաւաքական կեանքի բոլոր բնագաւառներուն վրայ եւ յարանուանական, կրթական, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական բոլոր կառոյցները, առանց բացառութեան, այսօր լուրջ յանձնառութիւններու դիմաց են եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն երաշխաւորելու համայնքի կենսունակութիւնն ու աշխուժութիւնը։ Այս ծիրին մէջ այդ կառոյցները նաեւ կը դիմագրաւեն տնտեսական լուրջ տագնապ այսուհանդերձ այդ տագնապը շրջանցելու իմաստով կը ցուցաբերեն ամբողջական պատասխանատուութեան գիտակցութիւն։ Լիբանանահայութիւնը ունի հարուստ կենսափորձ տագնապները հաւաքական ու միասնական ճիգով յաղթահարելու ու իր հաւաքական երթը այդ ուղղութեամբ հունաւորելու հաստատ վճռակամութիւն։ Հետեւաբար, մենք միշտ ալ ապագային կը նայինք յոյսով ու լիբանանահայ գաղութի դերակատարութիւնը հայ կեանքին մէջ անխախտ պահելու համոզումով։
Որպէս հասարակական գործիչ, որ ամէնօրեայ շփումի մէջ էք համայնքի տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներուն հետ, ընդհանրապէս ի՞նչ են ձեր նկատառումները եւ ի՞նչ են համայնքի միջին խաւերու ներկայացուցիչներուն գլխաւոր դժուարութիւնները։
Դժուարութիւնները այս հանգրուանին բնականաբար տնտեսական են։ Այդ դժուարութիւններու յաղթահարումը բոլոր պատասխանատուները կը դնէ անմիջական եւ նաեւ հեռակայ ծրագիրներ մշակելու ու անոնց գործադրութիւնը երաշխաւորելու հրամայականին դիմաց։ Ինչ կը վերաբերի ձեր անդրադարձած միջին խաւի իրավիճակին, այսօրուան դրութեամբ այդ խաւն է որ հիմնականին մէջ կը կրէ ճգնաժամի դառն հետեւանքները, որովհետեւ դժուարութեան դիմաց կը գտնուի իր բնականոն կեանքը հունաւորելու առումով։ Կարիքաւոր ընտանքիները բոլոր ժամանակներուն գոյութիւն ունեցած են եւ պիտի ունենան։ Հարուածը այս հանգրուանին միջին խաւին ուղղուած է։ Այդ միջին խաւը նաեւ հիմնական դրամագլուխն է որ ներդրում ունի մեր հաւաքական կեանքի կառոյցներու աշխատանքներուն ու զարգացման գործընթացին մէջ եւ այսօ՛ր առկայ դժուարութիւններու դէմ յանդիման, դժբախտաբար նաեւ այս իմաստով ի վիճակի չէ իրմէ ակնկալուած ներդրումը ունենալու՝ անշուշտ անհատական գետնի վրայ։ Սակայն այս չի նշանակեր որ ան անտարբեր է, ընդհակառակն՝ բոլորն ալ կը գիտակցին որ այս ստեղծուած կացութիւնը պէտք չէ անդառնալի հետեւանքներ ունենայ եւ պէտք է ձգտիլ երաշխաւորել այն բոլոր ստորոգելիները, որոնք պիտի սատարեն համայնքը պահելու ամուր եւ ցնցումներէ հեռու։
-Արդէն իսկ երեք ամիսէ ի վեր ընթացող դէպքերը, ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան լիբանանահայութեան վրայ։
Ըսինք արդէն որ վերջին ամիսներուն ստեղծուած կացութիւնը իր ոլորտին մէջ առած է նաե՛ւ լիբանանահայութիւնը։ Այստեղ հարկ է արձանագրել որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ժողովրդային ընդվզումի առաջին իսկ օրէն յստակօրէն արժեւորեց կացութիւնը եւ պահանջեց ժողովուրդի ցասումին ու պոռթկումին տուն տուող ընկերատնտեսական դժուարութիւններուն անյապաղ դարմանումը եւ պետութեան ու անոր կառոյցներու ճամբով ապօրինի հարստացման կասեցումն ու կանխարգիլումը եւ պետութիւնը ու անոր կառոյցները քաղաքացիի բարօրութեան ու երկրի զարգացման գործընթացին մէջ տեսնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ իրերայաջորդ հանգրուաններով գրեթէ անգոյ դարձած էր եւ այլեւս Լիբանանցին կորսնցուցած էր պետական կառոյցներու նկատմամբ իր վստահութիւնը։
Յայտնենք նաեւ որ այս ընդվզումի ալիքը իր դրական անդրադարձը ունեցաւ նաեւ ժողովուրդին մօտ քաղաքացիական իր պարտաւորութիւններու եւ իրաւունքներու շեշտադրման վրայ։
-Վերջերս հայկական երեսփոխանական պլոքի գրասենեակը հանդէս եկաւ նոր նախաձեռնութեամբ մը, որուն հիմամբ կարելի պիտի ըլլայ առաջին անհրաժեշտութեան պարէն տրամադրել Լիբանանի հայ համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Ի՞նչ է այս նախաձեռնութեան գլխաւոր դրդապատճառը եւ ովքե՞ր ենք նուիրատուները։
Այս նախաձեռնութիւնը հայկական երեսփոխանական պլոքի գրասենեակի առաջին նախաձեռնութիւնը չէ, եւ գրասենեակը ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛անսայ հայ քաղաքացիներու ընկերային, տնտեսական, առողջապահական, ինչպէս նաեւ պետաիրաւական հարցերու ու դժուարութիւներու լուծման։ Ասոր կողքին գրասենեակը մնայուն օժանդակութիւն կը տրամադրէ կարիքաւորներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն յառաջացուցած է հայ ինքնութեան ֆոնտեր, որոնք ընկերային ու նիւթական օգտակարութիւն ունենալու կողքին կը սատարեն հայ ընտանիքի ու հայկականութեան պահպանման մեր միջավայրին մէջ։ Այդ ֆոնտերը կը քաջալերեն նաեւ ընտանիքի բազմանդամութիւնը եւ կրթական նպաստ կը բաժնեն հայ ուսանողութեան։ «Միսանաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» նախաձեռնութիւնը անշուշտ կը միտի Նոր տարուայ սեմին ժողովուրդին հետ զգալ, անոր դժուարութեան բաժնեկից դառնալ եւ նաեւ շնորհաւորել Ամանորը։ Աւելի՛ն, նախաձեռնութիւնը ունի բարոյական նշանակութիւն երբ զամբիւղներու պատրաստութեան համար ռատիոթոնով եւ այլապէս մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները մասնակից կը դառնան իրենց հարազատին, հարեւանին եւ նմանին օգտակար դառնալու։ Այլ խօսքով լիբանանահայութենէն դէպի լիբանանահայութիւն ուղղորդուող այս աշխատանքը կը համակէ բոլորը եւ կու տայ այն վաւերական ապացոյցը, որ լիբանանահայութիւնը տէրն է իր ճակատագրին ինչպէս երէկ նաեւ այսօ՛ր։ Նուիրահաւաքի աշխատանքը կը շարունակուի եւ այս նախաձեռնութեան համար ցարդ կարելի եղած է գոյացնել շուրջ 150 միլիոն լիբանանեան ոսկի։
Հետեւաբար պատասխանելով ձեր հարցումին, այս նախաձեռնութեան նուիրատուն, նուիրաբերողը եւ նուէրը ստացողը մեր համայնքի զաւակներն են անխտի՛ր։
Գիտենք նաեւ, որ երեսփոխանական գրասենակի ծիրին մէջ գործող անդամներ եւ համակիրներ, ոգի ի բռին կ՚աշխատին պատրաստելու համար սննդեղէնի զամբիւղները. ե՞րբ պիտի կատարուի բաշխումը։
Անցնող օրերուն մեծ թիւով ուսանողներ եւ երիտասարդներ խանդավառութեամբ պատրաստեցին արկղները եւ արդէն իսկ մեր տարբեր շրջաններու կոմիտէները, երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան կառոյցներու անդամները հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներու մասնակցութեամբ կը շրջագային հայկական թաղամասերը, կ՛այցելեն ընտանիքներուն, կը շնորհաւորեն անոնց Ամանորն ու կը տրամադրեն այս արկղները իբրեւ կաղանդչէք։
-Տրամադրուելիք օժանդակութիւնները մշտակա՞ն պիտի ըլլան, թէ՞ մէկ անգամուան համար են։
Ինչպէս ըսինք արդէն երեսփոխանական գրասենեակի օժանդակութիւնները այս նախաձեռնութեամբ չէ որ սկսած են եւ այս նախաձեռնութեամբ չեն աւարտիր։ Գրասենեակը իր ծառայութիւնները կը կատարէ մնայուն կերպով եւ բնականաբար այսպիսի ծրագիրներ, որոնք կը ներառեն նաեւ մեր ժողովուրդը պիտի կազմակերպուին յառաջիկային նաեւ։
-Նկատեցինք նաեւ, որ հայրենի մարմիններ («Հայաստան հիմնադրամ» Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին) նիւթական շօշափելի օժանդակութիւններ կը հասցընեն տագնապի մատնուած գաղութին. այդ առումով ի՞նչ են ընդհանուր գնահատականները, եւ արդեօք լիբանանահայութեան օգտակար դառնալու համասփիւռքեան շարժումի մը կարիքն ու անհրաժեշտութիւնը կա՞յ։
Ուրախ ենք յայտնելու, որ լիբանանահայ գաղութի դերակատարութեան ու անոր համահայկական առաքելութեան հաւատացող նախկին լիբանանահայ եւ նաեւ այլ հայորդիներ կը զօրակցին այս տագնապալի օրերուն։ Համահայկական այս զօրակցութեան վաւերական խորք ու նշանակութիւն կու գան տալու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անոր գահակալ Արամ Ա․-ի, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը, Մայր աթոռ Ս․ Էջմիածնի, Արցախի պետութեան եւ նախագահ Բակօ Սահակեանի նուիրատուութիւնները, ինչպէս նաեւ Ազգային բարերարներ Երջօ Սամուէլեանի, տէր եւ տիկին Ալեքօ եւ Անի Պեզիքեաններու պատկառելի նուիարտուութիւնները։ Անշուշտ տակաւին նուիրահաւաքի ու զօրակցութեան այս աշխատանքները պիտի շարունակուին բայց անգամ մը եւս հարկ է շեշտել որ լիբանանահայը իր կարգին, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, մի՛շտ ալ պատրաստ պիտի ըլլայ օգնութեան ձեռք երկարելու իր եղբօր, բարեկամին ու հարազատին։
Երկրին մէջ զինեալ ընդհարումներու մտավախութիւններ կա՞ն։
Այսօրուան դրութեամբ երկրին մէջ ապահովական խախտումներու մտահոգութիւններ առկայ չեն, հակառակ այն իրողութեան որ Լիբանանը իբրեւ համայնքային երկիր, մի՛շտ ալ յղի է միջ համայնքային ցնցումներով ու բախումերով, սակայն անցեալը բաւական մեծ դաս տուած է բոլորին որ ուժի ճամբով ներքին անհասկացողութիւններն ու հակամարտութիւնները կարելի չէ լուծել եւ միշտ ալ արիւնալի բախումներէ ետք կողմերը նստած են սեղանի շուրջ եւ երկխօսութեամբ լուծում գտած հարցերուն։ Թելադրական այս պատգամը իբրեւ անհերքելի փորձառութիւն արդէն գերակշռող մտածողութիւն է բոլոր կողմերու մօտ եւ արդէն վերջին օրերուն կացութեան անյապաղ լուծում գտնելու եւ կառավարութեան կազմութիւն փութացնելու բոլորին ճիգը ակներեւ են եւ յուսադրիչ։
-Վերջին հարց, որ կը չարչրկէ մեզմէ շատերը, այս ընթացքով եւ առկայ տագնապին անկանխատեսելիութեամբ վտանգուած կը համար՞էք Լիբանանի հայութեան ապագան։
Հարկ է հաստատել որ Լիբանան մի՛շտ ալ ենթակայ է այսպիսի ցնցումներու, սակայն ասոր զուգահեռ լիբանանցիին մօտ արագօրէն վերականգնելու ու ինքզինք վերագտնելու նկարագիրը բոլորին համար ակներեւ է։ Այս նկարագիրը նաեւ լիբանանահայութեան նկարագիրն է բոլորէն առաջ եւ լիբանանահայութիւնը անպայման որ պիտի յաջողի այս հանգրուանին եւս տագնապէն դուրս գալ պատուով ու յանձնառութեան բարձր գիտակցութեամբ եւ շարունակէ իր համայնքային կեանքի կազմակերպումը, երաշխաւորէ անոր աշխուժացման գործընթացը,ինչպէս նաեւ տէր կանգնի իր համահայկական բոլոր պարտաւորութիւներուն։ Ընդունելով հանդերձ որ տագնապը բաւականին ծանր է բայց խուճապն ու յուսալքումը հեռու է լիբանանահայուն մտապատկերէն եւ պարտուողական բարոյահոգեբանական վիճակ գոյութիւն չունի եւ այս բոլորին դիմաց աննկուն կամքի ու աշխատանքի պատրաստականութիւնն է որ այս հանգրուանին իբրեւ հիմնական առաջադրանք եւ հրամայական անհրաժեշտութիւն ինքզինք կը պարտադրէ բոլորին։