Լիբանանահայութիւնը 67.000 ամերիկեան տոլար հանգանակած է այսօր Պէյրութի մէջ կայացուած Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ռատիօթոնին: Նշենք, որ այս տարուան ռատիօթոնը 10-րդ էր: Մինչ Պէյրութի մէջ եղած ռատիօթոնը իր լրումին հասած է, Լոս Անճելոսի մէջ ընթացք կ'առնէ նոյն մարմնի Թէլէթոնը: Այս տարուան դրամահաւաքին հաւաքուած գումարներու հիմնական մասը պիտի տրամադրուի Արցախցի բազմանդամ եւ անապահով ընտանիքներուն: