image

Լարուած մթնոլորտ Պէյրութի մէջ. Ի՞նչ տեղի ունեցաւ երէկ «Ալ Հատաս» շրջանին մէջ

Լարուած  մթնոլորտ  Պէյրութի  մէջ. Ի՞նչ   տեղի  ունեցաւ երէկ «Ալ Հատաս»    շրջանին մէջ

Երէկ գիշեր  լարուած  մթնոլորտ մը ստեղծուած  է Պէյրութի  հարաւային   մասի « Ալ Հատաս»  արուարձանին  մէջ: Այս  մասին        տեղեկութիւն  փոխանցող աղբիւրներ կը նշեն, որ           երէկ ուշ  գիշերին    չորս  ինքնաշարժներ  հասած  են    այդ  շրջանը  եւ ինքնաշարժներուն մէջ  եղած զինեալ  երիտասարդներ, որոնք    կը ծածանէին «Ամալ»  կուսակցութեան դրօշները    օդը  կրակած են:   Ապա   շրջանի    պատասխանատուներու   փափաքով բանակի  ջոկատներ շրջան  հասած եւ յաջողած են իրավիճակը       բնականոնացնել:  Նշենք, որ «Ամալ»  շարժումի բարձրաստիճան  պատասխանատուներ   յայտարարած են,  որ    « Ալ Հատաս»  դէպքին  մասնակիցները   կապ  չունին կուսակցութեան    հետ:   Յիշեցնենք,  որ  այս դէպքերը կը պատահին      օրեր առաջ       երկրի նախագահ   զօր. Միշէլ Աունի փեսային  ՝     Ժըպրան Պասիլի  (Լիբանանի   արտաքին գործոց  նախարար)    երկրի խորհրդարանի նախագահ  Նէպիհ Պըրիի հասցէին  ուղղուած  վիրաւորական  խօսքերէն   հնչելէն   ետք:

    Պասիլ     նախընտրական    փակ համարուած     հանդիպման մը ընթացքին Պըրրին    անուանած էր «Պալթաճի»  (կռուարար)  ու այդ  խօսքի տեսերիզը      անակնկալօրէն  յայտնուած էր  ընկերային    ցանցերու վրայ:  Պըրրի- Պասիլ   լարուածութիւնը  նորութիւն մը չէ  ու այն կապ ունի     յառաջիկայի  ընտրական  հաշիւներուն ու յատկապէս նախագահական   պայքարին  հետ:  Հակառակ    երկրին մէջ  տիրող ընդհանոր ապահովութեան  ներկայիս քաղաքական շրջանակներուն  մօտ լարուած իրադրութիւն կը տիրէ: Մինչ Պըրրիի  կողմնակիցներ Պասիլէն  հրապարակային     ներողութիւն կը պահանջեն, անդին Պասիլի կուսակոցները կը յայտարարեն, որ    Պըրրի   համակիրներուն  կատարած   բողոքի  հաւաքները    բաւական  են, որպէսզի  այս հարցը     փակուի: