image
Հրատապ լուրեր:

Կարօ Փայլան Խաղաղութեան Կոչով Հանդէս Եկաւ

Կարօ Փայլան Խաղաղութեան   Կոչով Հանդէս Եկաւ

Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ  HDP–ի (Ժողովուրդներու ժողովրդավարական  կուսակցութիւն)  ազգութեամբ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան  խաղաղութեան մասին հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը: Յիշեցնելով «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի` խաղաղութեան մասին խօսքերը, թէ` «գիտեմ, որ այս երկրին մէջ  աղաւնիներուն չեն դպչիր», Փայլան ըսած է. «Ափսոս, որ Անգարայի մէջ խաղաղութեան կոչ կատարող աղաւնիները ջախջախեցին: Խաղաղութիւն տենչացողներուն համախմբուելու կոչ կ՛ուղղեմ»: