image

Կառավարութեան կազմութենէն ետք. Բախումներ Պէյրութի մէջ

Կառավարութեան  կազմութենէն  ետք. Բախումներ Պէյրութի  մէջ

 Անցնող  ժամերուն  եւ հակառակ  այն փաստին, որ  երկրին մէջ  կազմուեցաւ նոր   կառավարութիւն     լայնածաւալ  բախումներ  գրանցուած են  Պէյրութի կեդրոնական հատուածներուն  մէջ։

 

 

 Բախումները, որ կը շարունակուին մինչեւ այս   պահը,  կեդրոնացած են յատկապէս  երկրի   խորհրդարանի շէնքի  «Ալ  Նըժմէ» հրապարակին վրայ։

 Ցուցարարներ  քարեր  կը շպրտեն   ապահովական մարմիններու  վրայ,  որուն ի պատասխան   ապահովական մարմիններ ստիպուած կ՚ըլլան  արցունքաբեր  կազ օգտագործել  ցուցարարներուն դէմ։

  Ըստ «Էմ. Թի. Վի.» կայանին       ցուցարարները   քանդած են տասնեակ  վաճառատուներ ու այրած են  վարչապետ Հասսան Տիապի  լուսանկարները։

 

 Կը  հաղորդուի նաեւ,  որ կարգ մը ցուցարարներ փորձած են  մուտք   հատել     խորհրդարանի  շէնքին  շուրջ   քաշուած   լարերը, սակայն հանդիպելով  ապահովական մարմիններու   դիմադրութեան ետ  քաշուած են։

 

  Վիրաւորներու մասին ցարդ տեղեկութիւն  չի հաղորդուիր, սակայն երեւելի է, որ   իրավիճակը   այս պահուն քաոսային է  Պէյրութի     կեդրոնական  թաղամասերուն մէջ։

Յիշեցնենք, որ  երէկ ուշ երեկոյեան   Լիբանանի  նախագահական  պալատին մէջ  տեղի ունեցած հանդիպման  աւարտին   նախագահ Աուն եւ  վարչապետ Հասսան  Տիապ միասնաբար ստորագրած էին  նոր կառավարութեան  կազմութեան   հրամանագիրը։