image

«ԿԱՄՔ» նախաձեռնութիւնը հասաւ Մոսկուա. Անոնք կը պայքարին «Իսթանպուլի պայմանադրութեան» դէմ

«ԿԱՄՔ» նախաձեռնութիւնը  հասաւ  Մոսկուա. Անոնք կը  պայքարին «Իսթանպուլի  պայմանադրութեան» դէմ

Երեւանի մէջ  գործող «ԿԱՄՔ» ազգային-հասարակական  կազմակերպութիւնը, որ ամիսներէ ի վեր նախաձեռնութիւն մը սկսած էր «Իսթանպուլիգոնվէնցիա»ին  դէմ, հասած  է Մոսկուա։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «ԿԱՄՔ»ի մօտիկ կանգնած  աղբիւրէ մը։

Աւելի  ուշ  նախաձեռնութիւնը   լուսանկար հրապարակեց իր դիմատետրի էջին,  ուր   երեւելի կը դառնար  Մոսկուայի մէջ   ընթացող ստորագրահաւաքը՝   գլխաւորութեամբ «ԿԱՄՔ»ի  համակարգող   Վահագն  Չախալեանին։

Մեր աղբիւրները նաեւ հաստատեցին, որ  ազգային արժէքներու ոչ յարիր «Իսթանպուլի Քոնվէնցիա» կասկածելի օրէնքին դէմ «ԿԱՄՔ»ը վճռած է պայքարիլ  մինչեւ վերջ։