image

«Իսլամական պետութեան» լրատուամիջոցները լուռ են. Շարժումը հոգեվարքի մէջ է ՞

«Իսլամական պետութեան» լրատուամիջոցները լուռ են. Շարժումը հոգեվարքի մէջ  է ՞

«Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման ամբողջ մէկ օր որեւէ լուր չհրապարակելը հարցադրումներ առաջացուցած է վերջինիս գոյութիւնն ու ուժը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ վերացած ըլլալուն շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, «Տահէշ» չորեքշաբթի առտուընէ մինչեւ հինգշաբթի առաւօտ իր պաշտօնական էջերուն ոչ մէկ լուր տարածած է իր կատարած ռազմական գործողութիւններուն կամ յարձակումներուն մասին, բան մը, որ կրնայ ապացոյց հանդիսանալ վերջինիս հոգեվարքի մէջ գտնուելուն:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ ահաբեկչական խմբաւորման լրատուական գործունէութիւնն առհասարակ անկում ապրած է անցնող քանի մը շաբաթներու ընթացքին, սակյն նման բան տակաւին չէր պատահած, որ ամբողջ 24 ժամուան ընթացքին ոչ մէկ լուր հրապարակուէր: