image

Իրաքի մէջ եւս ցոյցերը չեն դադրիր. Կան 21 զոհեր

Իրաքի  մէջ եւս ցոյցերը   չեն դադրիր. Կան  21     զոհեր

 Իրաքի մայրաքաղաք    Պաղտատի մէջ          տարողունակ  ցոյցեր կը կատարուին։

 

 Ցուցարարները, որ նոյնպէս կը    պահանջեն  կառավարութեան    հրաժարականը, կը մերժեն դուրս գալ փողոցներէն եւ կեդրոնական  հրապարակներէն։ 

 Կարգ մը շրջաններու մէջ  կը գրանցուին բախումներ    ցուցարարներուն եւ երկրի  ապահովական  մարմիններուն  միջեւ։ 

 Ըստ    «Սքայ  նիւզ  արապիք»  կայքին       բախումներուն հետեւանքով  զոհուած են  21  անձեր,  իսկ վիրաւորներուն թիւը անցած է  200-ը։ 

 

 Երկրի  վարչապետ Ատէլ Ապտըլ Մահտի յայտարարած է, որ կառավարութիւնը   չի պատրաստուիր հրաժարական ներկայացնել, նշելով  նաեւ, որ եթէ  կառավարութիւնը   առանց այլընտրանքի  հրաժարական տայ, ապա  այդ կը նշանակէ երկիրը մատնել  անորոշութեան, հետեւաբար ՝ քաոսի։