image

Իրաքցի հոգեւորականը կը կարծէ, որ իրենք Աթաթուրքի նման գործիչի կարիք ունի

Իրաքցի հոգեւորականը կը կարծէ, որ իրենք Աթաթուրքի նման գործիչի կարիք ունի

Իրաքցի հոգեւորական Իյատ Ճամալ Ալտին անդրադարձած է Թուրքիոյ Հանրապե-տութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կերպարին: Թուրք յայտնի վերլուծաբան Ահմէթ Հաքան «Hürriyet» թերթի իր սիւնակին մէջ յիշել տուած է Ճանալ Ալտինի իրաքեան հեռուստակյաններէն մէկէն հնչեցուցած կարծիքը, թէ Իրաք նոր
Աթաթուրքի մը կարիքը ունի:


«
Ամերիկա կ'աջակցի Իրաքի մէջ շիիթ եւ սիւննի իսլամ քաղաքական գործիչներուն: Մեր Խնդրին աղբիւրը Ամերիկան է…
Իրաք հրաշքի մը, փրկիչի մը, Աթաթուրքի մը կարիքը ունի: Կը ցանկամ, որ իրաքցի Աթաթուրք մը յայտնուի եւ ուժիկիրառմամբ օրէնքի գերա-կայութիւն հաստատէ ու երկրի միասնութիւնն ապահովէ»:


Հաքան հոգեւորականի վերոնշեալ խօսքերը մեկնաբանած ժամանակ հարցադրում կատարած է, թէ արդեօք Աթաթուրքի արժէքն ու կարեւորութիւնը հասկնալու համար Թուրքիոյ գլխո՞ւն ալ պիտի գայ այն, ինչ կը
կատարուի Իրաքի 
եւ Սուրիոյ մէջ: Իսկ հոգեւորականին ցանկութիւնը Հաքան նմանեցուցած է «Երանի թէ գաս, իմ շիկահեր, կապուտաչեայ ո՞ւր ես, ո՞ւր» թրքական երգին:

Նշենք, որ այդ երգը աշուղ Մահզունի Շերէֆի երգն է՝ նուիրուած Աթաթուրքի յիշատակին: