Իրաքի ազգային հետախուզութիւնը տեղեկացուցած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման՝ սպանուած պարագլուխ Ապու Պաքր Ալ-Պաղտատիի հաւանական իրաւայաջորդներէն մէկու՝ Ապտուլլահ Քարտաշի ձերբակալութեան մասին:
Ինչպես կը հաղորդեն իրաքեան լրատուամիջոցները, ձերբակալուած է ալ-Պաղտատիին փոխարինելու հաւակնորդներէն մէկը՝ Ապտուլլահ Քարտաշը:
Աւելի վաղ ԶԼՄ-ները, յղում ընելով The Guardian-ին, հաղորդած էին, որ Քարտաշը դարձած է ԻՊ-ի նոր պարագլուխը:
ԱՄՆ գործողութիւններու շնորհիւ Ալ-Պաղտատիի սպանութեան մասին յայտնի դարձած էր 2019 թուականի հոկտեմբերին: