image

Իրանցի Բարձրաստիճան Զինուորականը Քննադատած Է Մոսկուան

Իրանցի Բարձրաստիճան   Զինուորականը   Քննադատած  Է  Մոսկուան

Իրան- (Future-Պէյրութ)  Պէյրութէն  հեռարձակուող Future կայանին  հաղորդմամբ  Իրանի  «Յեղափոխութեան  պահակներ»ու   գլխաւոր հրամանատարը    քննադատութիւններ ուղղած է Ռուսիոյ  հասցէին: Զօր.  Մոհամմատ  Ալի Ժաաֆարի    ուսանողներու հետ իր ունեցած հանդիպման  ընթացքին յայտնած է, թէ   Ռուսիա Սուրիոյ մէջ   Իրանի  նման չի վարուիր: Իրանցի    զինուորականը նաեւ  նշած է, որ Ռուսիա   Սուրիոյ մէջ կը պատերազմի իր շահերուն  համար  եւ  ան կրնայ   հրաժարիլ  Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը պաշտպանելէ: