image

Ինչքա՞ն կը կազմէ թագաւոր Սալմանի ամսական աշխատավարձը

Ինչքա՞ն կը կազմէ թագաւոր Սալմանի ամսական աշխատավարձը

Բրիտանացի յայտնի գրող Տէյվիթ Հըրսթ յայտնած, որ ինք տեղեակ է, թէ ինչքան կը կազմէ Աէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման Պըն Ապտուլ Ազիզի ամսական աշխատավարձը:

 

«Middle East eye»ի մէջ իր հարապարակած յօդուածին մէջ Հըրսթ պնդած է, որ թագաւոր Սալմանի մէկ ամսուան աշխատավարձը կը կազմէ 3 միլիառ Սէուտական ռիալ, որ համարժէք է 800 միլիոն տոլարի, ինչպէս ըսած է Սէուտական արքունիքին մօտ կանգնած աղբիւրը:

 

Բրիտանացի գրողը համեմատական մը անցնելով Սէուտական Արաբիոյ թագաւորի յատկացումներու եւ Բրիտանիոյ վարչապետի ու ԱՄՆ նախագահի ամսական աշխատավարձերու միջեւ, ըսած է. «Բրիտանիոյ վարչապետին տարեկան աշխատավարձը 150 402 ֆունթ է, որուն մէջ չէ ներառուած այն սենեակի վարձը, որ կը գտնուի  նախագահական նստավայրին մէջ եւ այլ պաշտօնական կեդրոներու մէջ»:

Ան շարունակած է. «Իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ, նախագահ Տանըլտ Թրամբ տարեկան 400 հազար տոլար աշխատավարձ կը ստանայ», հետեւութիւն ընելով, որ Սէուտական Ատրաբիոյ թագաւորի մէկ ամսուան աշխատավարձը համարժէք է Թրամբի ստացած տարեկան աշխատավարձի երկու անգամին: