Սուրիա- Հալէպ մնացող եւ իրենց առաքելութիւնը շարունակող հայ ուսուցիչները բաւական քիչ գումար կը վաստակին: Այս մասին տեղեկացանք Հալէպի մեր աղբիւրէն: «Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Հալէպի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն ամսականները 60-120 ամ. տոլար են, որ շատ քիչ գումարներ են` նկատի առնելով քաղաքին մէջ տիրող ընդհանուր ծանր իրավիճակը: Ուսուցիչները կը ստանան նաեւ 12-13 տոլարի յաւելեալ նուէր մը: Մեր աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ազգային դպրոցներու պաշտոնեաները անցեալ տարեշրջանին 2 անգամ ստացած են 30-35 տոլարի յատկացում մը:Կը հաղորդուի նաեւ, որ Ազգային վարժարաններու պստասխանստուները լրջօրէն կը մտածեն ամսականի կարեւոր յաւելում մը կատարել իրենց պաշտօնեաներուն: Այս խօսակցութիւններուն լոյսին տակ միւս դպրոցներու պաշտօնեաները եւս կը յուսան, որ յաւելման պարագային իրենց պատասխանատուներն ալ պիտի ստիպուին նոյն քայլին դիմել: Տեղին է նշել, որ հայ ուսուցիչները մեծ մասամբ իգական սեռի ներկայացուցիչներ են, որոնք յաճախ տան միակ դրամ վաստակողներն են: