image

Ի՞նչ վնասներ կրած է Սուրիոյ արդիւնաբերութիւնը

Ի՞նչ  վնասներ կրած է Սուրիոյ արդիւնաբերութիւնը

Սուրիոյ Արդիւնաբերութեան նախարարը յայտարարած է, որ արեւմտեան երկիրներու կողմէ Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները պատճառ դարձաւ հազարաւոր գործարաններու եւ հիմնարկներու աշխատանքի խափանման, որուն հետեւանքով Սուրիոյ արդիւնաբերութեան ոլորտը 4.5 միլիառ տոլարի վնաս կրեց:

Անդրադառնալով նշուած հարցին, «Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ նախարար Ահմատ Ալ Համօ շեշտած է, որ Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներն են, որոք պատճառ հանդիսացած են երկրի հազարաւոր գործարաններու աշխատանքի դադրեցման ու արդիւնաբերութեան անկման:

Ալ Համօ յայտնած է նաեւ, որ յիշեալ իրավիճակին հետեւանքով շուկաներէն զգալիօրէն պակսած են դեղորայքը, սննդամթերքը եւ մանկական սնունդը:

Ալ Համոյի փոխանցմամբ, սուրիական կողմը Ռուսիոյ յանձնած է բոլոր այն սարքաւորումներու ցուցակը, որոնք անհրաժեշտ են վնասի ենթարկուած նախագիծերու վերականգնման, նպատակ ունենալով նշուած սարքաւորումները բացառապէս Ռուսիայէն ստանալ: