Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ զոյգ կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած ռազմական համաձայնագիրի ծիրին մէջ Սուրիոյ կառավարութիւնը ռուսական կողմին զիջած է Հմէյհէմ ռազմակայանի երկու կեդրոններ, ինչպէս նաեւ յարակից ընդարձակ տարածութիւններ, ռուսական գործարաններ, արհեստանոցներ, ինչպէս նաեւ զինուորներու բնակավայրեր հիմնելու համար:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական պայմանագիրը 49 տարի ժամկէտով ստորագրուած է, մինչեւ 85 տարի երկարաձգելու հնարաւորութեամբ:
Կայքը նշած է նաեւ, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը Ռուսիոյ տրամադրութեան յանձնած է նաեւ ծովային ռազմակայան, որուն պայմանագիրը 25 տարի ժամկէտով ստորագրուած է, 25 տարի եւս երկարաձգելու հնարաւորութեամբ:
Ծովային ռազմակայանի յարակից տարածքներուն մէջ նոյնպէս պիտի հիմնուին զինուորներու բնակավայրեր, զինամթերքի պահեստներ, գործարաններ եւ արհեստանոցներ: