«Ալ Մայատին» հեռուստակայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի աւարտին, հաղորդավար Սամի Քուլայպ քանի մը անակնկալ հարցում ուղղած է «Հըզպալլա»ի ղեկավար Հասան Նասրալլային:
Նասրալլա իր ստացած աշխատավարձին վերաբերող հարցումին ի պատասխան յայտարարած է, որ իր ամսական աշխատավարձը 1300-1400 ԱՄՆ տոլար կը կազմէ: Վերջինս յայտնած է նաեւ, որ շաբաթներէ ի վեր ընթերցանութեան տրամադրելու ժամանակ չի գտներ, նկատի ունենալով, որ տարածաշրջանի խիստ ծանր իրավիճակին պատճառով իր ժամանակի մեծ մասը կը տրամադրէ քաղաքական վերլուծութիւներ եւ յօդուածներ կարդալուն:
Ինչ կը վերաբերի արուեստի եւ մանաւանդ սինեմայի հանդէպ ունեցած հետաքրքրութեան, Նասրալլա նշած է, որ 12 տարեկանին սինեմա կը յաճախէր քարաթէի մասին ֆիլմեր դիտելու համար, սակայն երբ 16 տարեկանին որոշած է կրօնական կրթութիւն ստանալ, համարած է, որ կրօնաւորի համար ոչ պատշաճ վայր է սինեման: