image

«Հըզպալլա»ի կառաշարը իսրայէլեան օդուժի թիրա՞խ

«Հըզպալլա»ի կառաշարը իսրայէլեան օդուժի թիրա՞խ

Որոշ լրատուամիջոցներ տեղեկատուութիւն տարածած են, որ երէկ իսրայէլեան օդուժը երկու հրթիռներ արձակած է Լիբանանի հարաւային շրջանի Կանա եւ Սըտտիքին աւաններուն միջեւ, թիրախաւորելով «Հըզպալլա»ի կառաշար մը: Այս մասին կը յայտնէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:

Թէեւ իսրայէլեան զինուած ուժերը հաստատած են լուրը, սակայն տեղական լրատուամիջոցները հերքած են այն, հաւաստիացնելով, որ այն իրականութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի:

Միւս կողմէ իսրայէլեան զինուժը յայտարարած է նաեւ, որ երէկ թիրախաւորած է Սուրիոյ բանակի օդուժի կայաններէն մէկը, ուրկէ, ըստ իսրայէլեան աղբիւրներու, հրթիռ մը արձակուած է Լիբանանի սահմաններէն ներս գտնուող իսրայէլեան օդանաւի մը ուղղութեամբ:

Իսրայէլեան Զինուած ուժերու մամլոյ խօսնակ Աֆիխայ Ատրոհի իր թուիթըրեան էջին գրած է, որ սուրիական կողմը «sa-5» տիպի հրթիռ արձակած է իսրայէլեան

օդուժին պատկանող օդանաւի մը ուղղութեամբ, երբ վերջինս իր հերթական գործառոյթը կատարելու համար լիբանանեան սահմանը հատած էր:

Արտուի շեշտած է, որ Իսրայէլեան կողմը չի պատրաստուիր ռազմական որեւէ գործողութիւն իրականացնել, սակայն միաժամանակ պատրաստ է նման գործողութիւններու առաջքն առնելու: