image

«Հըզպալլա» անկախացումէն ետ կանգնելու կոչ կ'ընէ քիւրտերուն

«Հըզպալլա» անկախացումէն ետ կանգնելու կոչ կ'ընէ քիւրտերուն

Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Մուհամատ Ռահտ խօսած է իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ 25 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէին մասին:

Թրքական «Yeniakit» թերթի կայքին հաղորդմամբ, Լիբանանի Պեքաա քաղաքին մէջ կազմակերպուած միջոցառման մը ժամանակ Ռահտ մասնաւորապէս ըսած է.

 

«Իրաքեան Քիւրտիստանի անկախանալու ցանկութիւնը անմեղ նախաձեռնութիւն չէ: Խելամիտ քիւրտերը  պէտք է տարածաշրջանի միւս խումբերէն դասեր քաղեն եւ որքան հնարաւոր է շուտ ետ կանգնին այդ սխալէն»:

Յիշեցնենք, որ իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ 25 Սեպտեմբերին կայացած անկախութեան հանրաքուէի նախնական արդիւնքներէն պարզուած է, որ ընտրողներու 93%-ը կողմ քուէարկած է: Անկախութեան դէմ քուէարկած է ընտրողներու 6.7%-ը: