image
Հրատապ լուրեր:

Հրէական Խորհուրդը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ

Հրէական Խորհուրդը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ

 «Ասպարէզ»էն կը կարդանք, թէ   Միացեալ Նահանգներու Հանրային հարցերու հրէական խորհուրդը (Jewish Council for Public Affairs) կոչ ըրած է Ուաշինկթընի իշխանութիւններուն, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին թուրքերու կողմէ կատարուած հայերուն կոտորածները ճանչնան իբրեւ ցեղասպանութիւն։ Յատկանշական է, որ խորհուրդը տարիներ շարունակ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցէն նրբօրէն խուսափիլ փորձած է:Հրէական խորհուրդը անցեալ շաբթուան իր տարեկան ժողովին ընթացքին նաեւ կոչ ըրած է հրէական կազմակերպութիւններուն՝ Գոնկրէսի եւ Սպիտակ տան շրջանակներուն մէջ աշխատանք տանելու, որպէսզի անոնք պաշտօնապէս ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Խորհուրդի խօսնակը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21ին հաստատեց, որ բանաձեւը խորհուրդին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առաջին փաստն է:Շարք մը հրէական կազմակերպութիւններ մինչեւ վերջերս դէմ եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին՝ տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլի կարեւոր դաշնակից նկատուող Թուրքիան չնեղացնելու համար: