Եէմէն- Անծանօթներ եկեղեցի մը հրկիզած են Եէմէնի մէջ: Այս մասին փոխանցեց AFP լրատուական գործակալութիւնը, որ նաեւ յայտնեց թէ անծանօթ զինեալներ հրկիզած են Ատէն քաղաքին մէջ գտնուող եւ «Ալ Պատըրի» անունով յայտնի եկեղեցին: Նշենք, որ Կաթոլիկներու պատկանող եկեղեցին կառուցուած է 1855 թուականին եւ անոր հիմնադիրը կը համարուի Կարտինալ Ճի Մասայան: