Թուրքիա- Պոլսոյ մէջ Քրտամէտ HDP կուսակցութեան 70 անդամներ ձերբակալուած են : Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի Պոլսոյ աղբիւրներէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ ձերբակալուած են HDP-ի Պոլսոյ շրջանի տարբեր մասնաճիւղերու պատասխանատուներ եւ գլխաւորապէս մամլոյ աշխատակիցներ: Յիշեցնենք,որ ձերբակալեալներուն մէջ հայեր չկան: Կը հաղորդուի, որ կուսակցութիւնը այսօր կը պատրաստուէր իր ընտրական ծրագիրը պաշտօնապէս յայտարարել: Թուրքիոյ մէջ արտահերթ խորհրարանական ընտրութիւններ պիտի կայացուին յառաջիկայ 1 Նոյեմբերին:
