ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այսօր երկօրեայ այցով Պէյրութ մեկնեցաւ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ լիբանանեան VDL կայքը, նշելով նաեւ որ Կարապետեան հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ, որոնց շարքին պիտի ըլլան նաեւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն եւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ նապիհ Պըրրին:
Կը սպասուի նաեւ, որ վարչապետ Կարէն Կարապետեան Պէյրութ ժամանումէն անմիջապէս ետք ուղղուի վարչապետարան, ուր տեղի պիտի ունենայ երկու պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ բանակցութիւններու ընդլայնուած նիստ, ուր պիտի քննարկուին երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման ընդհանուր գործընթացները եւ ապագայ հեռանկարները:
Կը սպասուի նաեւ, որ Վարչապետ Կարապետեան հանդիպում ունենայ լիբանանահայ համայնքին հետ: