Երէկ տեղի ունեցած դէպքը եւ «Սասնայ ծռեր» անունով հանրութեան ներկայացած զինեալներու խումբին կողմէ Էրէբունիի ոստիկանական – պահակային կեդրոնին վրայ կատարուած յարձակումն ու ապա գրաւումը կը շարունակեն մնալ Հայաստանի ու հայութեան հիմնական ուշադրութեան կիզակէտ:
Բոլորը հարց կու տան, թէ ի՞նչ է վիճակը Երեւանի մէջ:
Բոլորը մտահոգ հայացքներով կը հետեւին զարգացումներու ընթացքին, որն արդէն Թուրքիոյ մէջ եղած յեղաշրջման ձախող փորձէն ետք դարձած է միջազգային լրահոսի հիմնական տեղ գրաւող դէպք:
Գետնի վրայ, բացի Խորենացի փողոցի փակումէն ու ապա՝ Օփերայի շրջակայքին մէջ եղած ձերբակալութիւններէն ընդհանուր իրադրութիւնը կը մնայ խաղաղ:
Հայաստանի հանրութիւնը մեծաւ մասամբ կը նախընտրէ դէպքերու ընթացքին հետեւիլ համացանցէն, քան թէ մասնակցիլ եղած դէպքերուն:
Հարց պիտի տամ. ի՞նչ կը պատգամէ այս անտարբերութիւնը:
Չպէտք է մոռնալ, որ զինեալները երէկ առաւօտուն քանիցս կոչ ըրած էին հանրութիւն , որ թողնէ ամէն ինչ ու փողոց իջնելով միանայ իրենց:
Բայց այդ մէկը չեղաւ:
Ու հակառակ ընկերային ցանցերու վրայ եղած խօսակցութիւններուն եւ դէպքը արդարացնել փորձողներու ստուար թիւին Հայաստանի հանրութիւնը տեղէն չշարժեցաւ:
Հանրութեան անդրադարձը եւ ձեւով մը «պատասխան»ը պէտք է ընդունիլ, որպէս պատգամ:
Քաղաքական, որեւէ նպատակ հետապնդող զինուորական անհնազանդութիւն, կամ պետական կառոյցի դէմ եղած գրոհ ունի արդիւնքներ ստանալու կարճ ժամկէտներ:
Այս առումով, որպէս ընդդիմադիր ներկայացող այս խմբակը, որուն հիմնական նպատակը Ժիրայր Սէֆիլեանի բանտէն ազատ արձակումն է, ձախողած է:
Ձախողած է, որովհետեւ ընդունելի չէ ամբողջ երկիրը պատանդի իրավիճակին մէջ պահել:
Կայ նաեւ աւելին, եթէ պահ մը ընդունինք, որ եղածը ներքին դժգոհութեան կամ առկայ կառավարման եղանակներուն դէմ առկայ դժգոհութեան արդիւնք է, ապա ո՞ւր է հանրութեան համաձայնութիւնը եղածին:
Զինեալներու արարքին դիմաց կայ միայն լռութիւն:
Ու այդ լռութիւնը այս պարագային մանաւանդ համաձայնութեան նշան չէ:
Մէկդի դնելով Սէֆիլեանի արդար կամ անարդար կերպով բանտարկութեան վարկածներուն, տխուր է նաեւ, որ ինք Ժիրայր Սէֆիլեան լուռ է:
Պարզ ալ չէ, թէ անոր լռութիւնը արդիւնք է ճնշումներու, սակայն յստակօրէն կ'երեւայ, որ իշխանութիւններն ալ չեն ուզեր Սէֆիլեանի այս խնդրին խառնուիլը կամ կարծիք յայտնելը, մոռնալով կամ անտես առնելով, որ Էրէբունիի իրավիճակին լուծման հիմնական բանալին այս պահուն կը գտնուի պէյրութահայ գործիչին մօտ:
Թէ մինչեւ, երբ կրնայ շարունակուիլ այս վիճակը պարզ չէ, յստակ է սակայն, որ իշխանութիւնները պատրաստ չեն բռնի ուժի դիմելով կարգի հրաւիրել զինեալները եւ անոնց տիրապետութիւնէն ազատել ոստիկանական կառոյցը:
Բոլորը կը խօսին արիւնահեղութեան մը ծանր հետեւանքներուն մասին: Բոլոր կողմերը, որպէս օրինակ կը բերեն 2008 թուականի Մարտիմէկեան դէպքերը:
Հայաստանի հանրութիւնը պատրաստ չէ արեան ճանապարհով տեղի ունենալիք որեւէ զարգացումի:
Բացի անկէ, որ զինեալ այս ձեւը լուծումներ պիտի չբերէ երկրի խնդիրներուն, յստակ է նաեւ, որ արարքը գործողները, հեռահար եւ լուրջ ու շինիչ ծրագիրներ չունին:
Ուրեմն, ինչպէ՞ս ընել դարմանելու համար այս վիճակը:
Մէկէ աւելի գործիչներ կը կարեւորեն խնդիրը լուծել բաանակցութեանց ճանապարհով:
Մէկէ աւելի ազդեցիկ ձայներ կը խօսին արիւնահեղութեան դէմը առնելուն մասին:
Ինչ ելքով ալ աւարտի այս խնդիրը, վստահ պէտք է ըլլալ, որ ցանկացած լուծում շատ աւելի լաւ է, քան, մէկ հայու՝ արեան կաթիլին գետին թափուիլը:
Երէկուան կրակոցներուն արդիւնքով ոստիկանութեան մէկ սպայ զոհուեցաւ, ու կան նաեւ վիրաւորեալներ:
Այս առումով է նաեւ, որ պէտք է բարձրաձայն խօսիլ խնդրին խաղաղ լուծումներ ապահովելուն մասին:
Այս դառն բաժակը պէտք է հեռու պահուի Հայաստանէն ու հայութիւնէն:
Ինք Ժիրայր Սէֆիլեան պիտի ընդունի՞, որ իր դատին ու ազատութեան համար մէկ հայու արիւն թափուի:
Հարցումը, որ կը տրուի հռետորական չէ, այլ համահունչ՝ գետնի վրայ ընթացող զարգացումներուն:
Հարցումէն ու վերլուծումներէն անդին, այսօր, աւելի քան որեւէ ժամանակ այս լեղի բաժակը պէտք է հեռու պահուի Հայաստանէն ու հայութիւնէն ու այս գործին մէջ պատասխանատու է մեզմէ իւրաքանչիւրը:
Խմբ.