image

Հայաստանի մէջ մենք մեզ օտար չենք զգար.Վանիա Մսրիյէ Գարաճեան

Հայաստանի մէջ մենք մեզ օտար չենք զգար.Վանիա Մսրիյէ Գարաճեան

Վանիա Մըսրիյէ Քարաճեանը Սուրիոյ հակամարտութեանց պատճառով Հալէպի մէջ իր  տունը կորսնցուցած հազարաւոր սուրիահայերէն մէկն է: Պատերազմի առաջին օրերէն իսկ, ան հետեւելով ամուսինին, նախ մեկնած է Լիբանան, ապա տեղափոխուած՝  Հայաստան:

 

«Լիբանան ապրած ենք շուրջ երկուքուկէս տարի եւ անցեալ տարուան փետրուարին՝ նախ ամուսինս, ապա ես՝ մայիսին, եկանք հայրենիք: Ապրած ենք Աբովեան քաղաք, սակայն արդէն երկու ամիս է, որ Երեւան կ'ապրինք»,- WomenNet.am-ի հետ զրոյցին պատմած է տիկին Վանիան: Սկիզբը քաղաքը օտար էր, -կ'ըսէ Վանիան, -ամեն ինչ նոր էր, նոյնիսկ ապրելակերպը: Բացի այդ, Հալէպի հետ կապուած յիշողութիւնները կը խեղդէին, երբեմն նոյնիսկ յուսահատութեան կը հասցնէին, բայց հիմա արդէն կարելի է ըսել հարմարուեր ենք` կեանքը կը շարունակուի: «Մինչեւ իմ գալս, ամուսինս արդէն դիմած էր Սփիւռքի նախարարութիւն, ՄԱԿ ՓԳՀ  հայաստանեան գրասենեակին, «Կարմիր խաչ»-ին ու քանի մը այլ  կազմակերպութիւններու, որոնք կը զբաղուին Սուրիայէն տեղահանուած  ընտանիքներու  խնդիրներով: Մեզ քանի մը ամսուայ տան վարձի վճարով օգնեցին, ՄԱԿ ՓԳՀ–ի հովանաւորութեամբ` կարի մեքենա տրամադրեցին, որպէսզի կարենամ աշխատել: Բացի այդ  աջակցեցան, որ մասնակցիմ կարուձեւի դասընթացին: «ԿԱԶԱ» հիմնադրամը նոյնպէս  «Ընտանիքի ընկեր» ծրագրով կամաւորի միջոցաւ մեզ  գործնական խորհուրդներով օգնեց»,- պատմած է Վանիան:

 

Վանիան կարուձեւի մասնագէտ է, ան կը հիւսէ Մարաշի, Ուրֆայի, Վանի ասեղնագործութեան աւանդական նմուշներ:  Կ'ըսէ, որ կարուձեւէն աւելի իրեն կը հետաքրքրէ ձեռարուեստը, հայկական ձեռագործները: Վանիա նաեւ յայտնած է, որ ներկայիս ինք «Հալէպ» հայրենակցական կազմակերպութեան մէջ կ'աշխատի, ուր կազմակերպութիւնը օգնութիւն կը բաշխէ սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն:

 

Դժուարութիւններու մէջէ անցած, պատերազմի դառնութիւնը տեսած ընտանիքը, այդուհանդերձ, կը փորձէ շատ չնեղանալ տեղափոխութենէն ու փորձել՝ նոր վայրի մէջ, իրենց կեանքի նոր էջ սկսիլ: Աւելին` անոնք միշտ երազած են Հայաստան ապրիլ եւ երբ նոր ամուսնացած էին, ուզած էին գալ այստեղ ապրիլ, բայց չէին յաջողած, յետաձգուած էր:

 

Վանիա, պատմելով իր երազի մասին, կ'ըսէ. «Երազս է սեփական արհեստանոց ունենալ, որու ուղղուածութիւնը կ'ըլլայ հայկական աւանդական ձեռագործը, բայց ոչ միայն տարազներու տեսքով: Ես կը պատկերացնեմ սփռոցներ, գլխարկներ, սրբիչներ եւ ուրիշ ամէն ինչ, որ հնարաւոր է հայկական աւանդական նախշերով մատուցել: Մէկ խօսքով ամէնը, ինչ կապուած է Hand made-ի հետ` այս է  իմ երազանքը»:

 

Այսօր սակայն առօրեայ հոգերը  կը խանգարեն  իրեն կեդրոնանալ արուեստի վրայ: Տիկին Վանիայի խօսքով` Երեւանը իրենց օտար չէ, մարդիկն ալ լաւն են եւ բարեհամբոյր, այդ առումով որեւէ խնդիր չեն ունեցած, բայց խնդիրներ կան աշխատանքի, վարձերը վճարելու, ապրուստի միջոց ունենալու ու հոգեպէս հանդարտուելու առումով: Որոշակիօրէն այս է  կաշկանդողը, բայց Վանիա կ'ըսէ, որ ե՛ւ սկիզբը,  ե՛ւ այսօր իրենց ընտանիքը չի մտածեր Հայաստանէն հեռանալու մասին: «Ո՛չ, երբեք չենք մտածած հոսկէ երթալու մասին: Ի՞նչ կայ այլ տեղ, որ այստեղ չըլլայ: Որ ալ ըլլայ, զէրոյէն պիտի սկսինք, մենք կը նախընտրենք այստեղէն սկսիլ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ մենք մեզ օտար չենք զգար. Հայաստանը մեր երկիրն  է»,- աւելցուցած է ան:

 

Վանիան նաեւ ձեռագործի եւ իւրայատուկ տարոսիկներու, նկարներու, կտաւներու եւ այլնի պատուէրներ կ'ընդունի` մինչեւ սեփական խանութ ունենալը, այս ամէնը իր համար փոքրիկ ուրախութիւն է: