Հայաստան- Համշէնահայերու պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է ՍԴՀԿ Երեւանի կեդրոնական գրասենեակ: Պատուիրակութիւնը ընդունուած է կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանի եւ ԿՎ անդամներու կողմէ: Կողմերը քննարկած են Թուրքիոյ մէջ ծայր առաջ վերջին զարգացումները: Համշէնահայերու կողմէ խօսք առնողները նաեւ ներկայացուցած են Համշէնի մէջ ապրող հայերուն ընդհանուր իրավիճակը նկատել տալով նաեւ, որ հոն ապրողները ենթակայ են ճնշուշմներու: Յակոբ Տիգրանեան խօսք առնելով մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցած է կուսակցութեան ընդհանուր ծրագրին եւ ապագայ ընելիքներուն վերաբերեալ: Յիշեցնենք, որ համշէնահայերը Երեւան կը գտնուէին մասնակցելու համահայկական 6-րդ խաղերուն: