image

Հալէպի Ծանր Վիճակը Կը Շարունակուի. Վնասուած Շէնքեր Սկսած Են Փուլ Գալ

Հալէպի Ծանր Վիճակը Կը Շարունակուի. Վնասուած Շէնքեր Սկսած Են  Փուլ   Գալ

Հալէպի իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ ծանր եւ մտահոգիչ: Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր  աղբիւրին  փոխանցմամբ, երէկ կէսգիշերէն ետք  ահաբեկչական  խմբաւորումներու կատարած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով փուլ եկած են  երկու շէնքեր:  Շէնքերուն մէկուն  մէջ    քաղաքացի մը     ծանրօրէն վիրաւորուած ու մահացած է, մինչ  անոր քոյրը  փոխադրուած է  եւ մինչեւ այս պահը  կը գտնուի հիւանդանոցային խնամքի տակ:   Մահացած  երիտասարդը կը կոչուի Էլիաս Սաքքալ: Նշենք, որ  փուլ եկած առաջին շէնքը կը գտնուի     Հալէպի Վիլլաներու  շրջան («Իսլահ զիրահի շէնքի դիմաց) (լուսանկարը), իսկ  երկրորդը ՝  Թէլէֆոն  Հաուաի  շրջան («Զաքի Ալ Արսուզի»  վարժարանի կից գտնուող  շէնք):   Վերջին օրերուն Հալէպի      տարբեր շրջաններ  սկսած են   թիրախ դառնալ  ահաբեկիչներու  կրակներուն:  Քաղաքը կը շարունակէ  զրկուած  մնալ   ելեքդրականութիւնէ եւ ջուրէ: