image

Հալէպի մէջ «Ահրար Ալ-Շամ»ի ղեկավարներ միացած են հրադադարի կոչին

Հալէպի մէջ «Ահրար Ալ-Շամ»ի ղեկավարներ միացած են հրադադարի կոչին

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ «Ահրար Ալ-Շամ»-ի կարգ մը ղեկավարներ, Հալէպի մէջ, հաշտութեան միանալու միտող 4 համաձայնութիւններ կնքած են:

Նախարարութիւնը նաեւ իր կայքէջին վրայ յայտարարութիւն մը դրած է,ըստ որուն՝ երէկ 88 համաձայնութիւններ կնքուած են, Հալէպի եւ Համայի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ պատերազմական վիճակը դադրեցնելու վերաբերեալ: Այս համաձայնութիւններուն միացած են 1717 գիւղեր եւ 223 զինեալ խմբաւորումներ:

Հաղորդագրութիւնը յայտնած է նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ ռուս զինուորներ, մարդասիրական չորս ծառայութիւններ կատարած են ՝ 5 թոն ուտեստեղէն եւ ջուր բաժնելով Հալէպի եւ Քունայթիրայի մէջ: