image

Հալէպէն Դամասկոս տանող ճանապարհը անվտանգ չէ, hոն տասնեակ հայեր առեւանգուեցան. Յակոբ Նալպանտ

Հալէպէն Դամասկոս տանող ճանապարհը անվտանգ չէ, hոն տասնեակ հայեր առեւանգուեցան. Յակոբ Նալպանտ

«Հալէպէն Դամասկոս ճամբորդութիւնը կը տեւէ 10 ժամ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ հալէպահայ գրող, մտաւորական Յակոբ Նալպանտ: Ան նաեւ ըսաւՙ  «Այս օրերուն դէպի Դամասկոս տանող ճանապարհը կ'օգտագործուէր որպէս զինուորական ճամբայ, իսկ հիմա սուրիական բանակը արեան գնով բաց կը պահէ զայն»:

Հալէպահայ գրողը, որ վերջերս դժուար ճանապարհէ անցնելով այցելած է Դամասկոս, «Արեւելք»ին պատմեց ամբողջ ճանապարհին մասին իր ունեցած մանրամասն տեղեկութիւնները: Ան ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող փոքրածաւալ «համաշխարհային պատերազմ»էն առաջ, մենք Հալէպէն դէպի Դամասկոս կը ճամբորդէինք շատ յարմարաւէտ եւ ժամանակակից մայրուղիներով, 365քմ-ը՝ կը խլէր ընդամէնը 4 ժամ: Սակայն այս պատերազմական պայմաններու բերումով վերը նշուած ճանապարհին մէկ մասը՝ Իտլիպէն մինչեւ Հոմս անցած է ահաբեկչական խումբերու ձեռքը: Սուրիոյ պետութիւնը տրամադրեց այլ ճամբայ մը, Հալէպի համար, որ կ′անցնի Սուրիոյ անապատի խորքերէն: Այս ճամբան բաւական երկար, դժուար եւ անյարմարաւէտ է: Ճամբորդութիւնը կը տեւէ 10 ժամ: Անցեալին, այս զինուորական ճամբայ մըն էր, սակայն հիմա սուրիական բանակը արեան գնով բաց կը պահէ զայն: Այս միակ ճամբան պատճառ պիտի դառնայ, որ Սուրիան իր պատմական պատերազմը յաղթէ ընդդէմ ահաբեկիչներուն: Այստեղ կ′ուզեմ յիշել  Գերմանիա 19-րդ դարու երկրորդ կէսին ծառայած Զօր. Պիսմարքի նշանաւոր խօսքը. «Եթէ կ′ուզես պատերազմ յաղթել ճանապարհները կարճացուր»,-իսկ Հալէպ-Խանասէր-Ասրիա ճանապարհը այս խօսքին լաւագոյն փաստն է»:

Հալէպէն Դամասկոս տանող ճանապարհի անվտանգութեան մասին Նալպանտեան յայտնեց. «Ճանապարհը բացարձակ անվտանգ չէ : Հալէպէն անմիջապէս դուրս կու գանք Ռամուսէ արդիւնաբերական շրջանը, որ ժամանակին հայ վաճառականներու եւ վարպետներու արհեստանոցներու եւ վաճառատուներու կեդրոն էր, այժմ աւերուած եւ ամբողջութեամբ թալանուած է: Ռամուսէի շրջանին մէջ կան ընդդիմադիր դիպուկահարներ, որոնց թիրախները կը դառնան ճամբորդական հանրակառքերն ու ինքնաշարժները: Ճանապարհը կը շարունակէ կտրել դէպի սուրիական անապատ: Մեր առջեւ կը յայտնուին աւերակ դարձած գիւղեր, օրինակ՝ Սֆիրէն: Անմարդաբնակ վայրերու կը հանդիպինք, ինչպիսին է՝ Խանասէրը, որ լրիւ անմարդաբնակ քաղաքի վերածուած է: Առկայ է Սուրիոյ բանակի ստորաբաժանումներ, իսկ Խանասէրէն դէպի Ասրիա կը ձգուի մօտաւորապէս 50քմ ճանապարհ, որ լրիւ անապատ է եւ մէկ-մէկ կ′ենթարկուի ահաբեկչական յարձակումներու: Ասրիայէն մինչեւ Սալամիէ ճանապարհը նոյնպէս վտանգաւոր է, անոր 2 կողմերը դիրքաւորուած են «Ալ Նուսրա» եւ Տահէշի ահաբեկչական խումբերը: Այս ճամբուն վրայ տեղի կ′ունենան առեւանգման դէպքեր, ուր շատ հայեր արեւանգուեցան այստեղ, որոնցմէ մէկը իմ հօրաքրոջս տղան էր, եւ որոշ փրկագին տալէ ետք ազատ արձակուեցաւ: Սալամիէէն ետք կը մտնենք Հոմս: Հոմսէն ալ կ′անցնինք դէպի Դամասկոսի մայրուղի, որ շատ անվտանգ է, իսկ ճանապարհի վրայ կան սուրիական բանակի բազմաթիւ կէտեր որոնք կ′ապահովեն ճանապարհի անվտանգութիւնը»:

Դամասկոսը համեմատական հանգիստ վիճակ ունի: Կան շփման գիծեր՝ քաղաքի հիւսիսային մասերուն մէջ՝ «Հայ Ճոպար»: Դամասկոսի եւ Սուրիոյ բոլոր քաղաքներու բնակիչները շատ բարձր կը գնահատեն Հալէպի ժողովուրդի դիմադրողական ոգին: Դամասկոս լաւ կենցաղային եւ տնտեսական պայմաններու մէջ կ′ապրի, ան ունի լոյս, ջուր, աշխատանք եւ այլն…: Հայերու մէկ մասը գաղթած է, յատկապէս երիտասարդ խաւը, սակայն տոկոսային համեմատութեամբ հալէպահայութեան հետ այս տոկոսները նուազ կը մնան»,- աւելցուց ան:

Անդրադառնալով Հալէպին, իբր Սուրիոյ արդիւնաբերութեան հիմնական քաղաք, հալէպահայ գրողը նշեց. «Աշխարհագրական փաստ է, օրինակ Ամերիկայի մէջ եթէ Ուաշինկթոն մայրաքաղաքն է, սակայն Նիւ Եորքը առաջին քաղաքն է, նոյնը Սիտնին Մէլպուռնի նկատմամբ, նոյնը Պոլիսը՝ Անգարայի նկատմամբ: Ես իբր հայ ունիմ 2 մայրաքաղաք մէկը՝ մեր յիշողութիւններու, մեր պապերու, մեր ցանկութիւններու, մեր երազանքներու մայրաքաղաքն է, այսինքն՝ Երեւանը. իսկ միւսը, արդէն իմ մայրաքաղաքն է՝ Հալէպը, իմ ինքնութեան, իմ եսակերտման վայրն է, իմ ծննդավայրը: Գէորգ Էմին կ′ըսէ, թէ՝ մենք կէս ենք, իսկ ես կ′ըսեմ՝ մենք երկու ենք, սփիւռքահայի տեսակին մասին կը խօսիմ: Մեր 2 մայրաքաղաքներով, մեր 2 աթոռներով, կաթողիկոսութիւններով, մեր նուազագոյնը իմացած 2 լեզուներով եւ մեր խորհրդանիշ Արարատ լեռով իր 2 գագաթներով, իսկ այս իրականութիւնը մեր զօրութիւնն է եւ ոչ թէ տկարութեան չափանիշը»:

Ծննդավայրները միշտ չէ որ հայրենիքի կը վերափոխուին: Իսկ սուրիական հայրենիքը իր հայ զաւակներուն համար ստեղծած էր շատ բարենպաստ պայմաններ, ըլլան անոնք տնտեսական, մշակութային, կրթական կամ մարզական, որոնք կամաց-կամաց ծննդավայր դիտուող Սուրիան տարիներու ընթացքին փոխեցին հայրենիքի: Վերջին այս տարիներուն տեղի ունեցած դէպքերը, հայ զինուորի, հայ մարդու արիւնը խառնեցին Սուրիոյ ժղովուրդի արեան եւ հայրենիքի հասկացողութիւնը աւելի հաստատուեցաւ մեր մէջ: Շատեր գաղթեցին՝ ազատ են, բայց սուրիական հայրենիքը միշտ պիտի կրեն իրենց սիրտերու խորաններուն մէջ: Այո՛, Սուրիան իսկական հայրենիք ըլլալու բոլոր չափանաիշները ունի հայերուն համար, իսկ հայերը այդ հայրենիքի արժանաւոր զաւակներն են եւ այդպէս ալ պիտի մնան»,-շեշտեց Յակոբ Նալպանտ:

Ան չվարանեցաւ իր կարծիքը յայտնել հալէպահայութեան տարհանման կամ Հայաստան տեղափոխման հարցին մասին, ըսելով. «Ապահովական ծանր պայմանները ստիպեցին հալէպահայերուն գաղթել: Տարհանման մասին ես միշտ դրական կողմէ դիտած եմ, երբ այդ տարհանումը տեղի կ′ունենայ դէպի Հայաստան, բայց ես կը մտածեմ, որ այդ մարդկային շարժը եւ հաստատումը Հայաստանի մէջ արդեօ՞ք պիտի ունենայ երկարաժամկէտ ձեւ: Կը կասկածիմ: Հայաստան, ինք կը տառապի տնտեսական ծանր վիճակէ: 1988 թուականին տեղի ունեցած երկրաշարժին վէրքերը բուժել չկրցող կառավարութիւնները արդեօ՞ք հնարաւորութիւն ունին լուծել սուրիահայութեան հարցերը: Սփիւռքի նախարարութիւնը ծրագիր մը ունի՝ «Արի Տուն» անունին տակ: Արդեօ՞ք տեղեակ է Ռուսիոյ տարբեր մարզերու մէջ գտնուող բազմահազար հայ երիտասարդներու եւ ծանօ՞թ է անոնց ապրուստի պայմաններուն: Արդեօ՞ք մտածեցին, որ մեզ «Արի Տուն» ծրագիրէն աւելի կարեւոր է մշակել «Մի Գնա՛» ծրագիրը»:

Պատերազմի գօտիին մէջ ապրող հայորդին «Արեւելք»-ի ամպիոնէն հայութեան դիմելով ըսաւ. «Կ'ուզեմ ամբողջ հայութեան փոխանցել իմ ջերմ բարեւներս: Անոնք միշտ թող մտածեն մեր մասին, իրենց նեցուկին եւ աղօթքներուն հալէպահայերը չափազանց կարիք ունին: Կը յուսամ, որ այս սեւ ամպերը կը կորսուին Սուրիոյ հայրենիքին երկնակամարէն, եւ Հալէպ դարձեալ կը գտնէ իր իսկական փայլուն եւ ապահով դիմագիծը»: