image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Վնասուած շէնքերու փլուզումները կը շարունակուին ... եւ նոր զոհեր

Հալէպ. Վնասուած շէնքերու  փլուզումները կը շարունակուին ... եւ նոր զոհեր

 Օրեր առաջ   պատերազմի հետեւանքով  վնասուած շէպք մը փուլ եկած է  Հալէպի Սալիհին շրջանին մէջ, մահացած է կին մը եւ վիրաւորուած ամուսինը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Խապար» կայքը:

  Չորս յարկանի շէնքը,  բացի որ հին էր, նաեւ պատերազմի բերումով յաճախակի հարուածներու ենթարկուած էր: Սակայն փլուզումի հիմնական պատճառը, ըստ թաղի բնակիչներուն, հինգերորդ յարկի մը կառուցումն էր:

նշենք, որ այս դէպքէն մէկ ամիս առաջ, Քարըմ Քաթըրճի շրջանին մէջ, փլատակ դարձած էր ուրիշ հին շէնք մըն ալ:

Այս   փլուզումներու շարանը սկսած է 2019-ի յունուարին, Սալիհին շրջանէն, ուր զոհուած էր կին մը: Ապա շարունակուած այլ շրջաններ՝ Սալահ Ալ Տին,  Ալ Մաատի, Ալ Ֆարտոս: Զոհերուն ընդհանուր թիւը հասած է 29-ի՝ ներառեալ մանուկներու, նաեւ  արձանագրուած  են 14 վիրաւորներ:  

Ի դէպ, Հալէպի արեւելեան շրջանի մէջ անօրէն կերպով կառուցուած այս շէնքերը, որոնք պատերազմի ընթացքին գտնուած էին ահաբեկիչ խմբաւորումներու իշխանութեան տակ, այժմ ենթակայ են կործանումի վտանգին:

Հալէպի ամբողջական ազատագրումէն ետք, այս շրջաներու շէնքերուն յաճախակի փլուզումներուն ի տես, կառավարութիւնը կազմած է մասնագիտացած յանձնաժողով մը, հետեւելու նշեալ կառյցներու ապահովութեան ու պիտանիութեան, յաւելեալ ողբերգութիւններու առաջքը առնելու նպատակով։