Սուրիա- Հալէպի «Շէյխ Մաքսուտ» անցքը այսօր բացուած է անցորդներուն առջեւ: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Հալէպի «Արեւելք»ի աղբիւրներէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ «Շէյխ Մաքսուտ»ի անցքը պիտի գործէ ամէն օր, առաւօտեան ժամը 7-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1-ը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ «Ալ Ժալլա» շրջանէն մինչեւ «Շէյխ Մաքսուտ» շրջան մէկ քիլոմեթրանոց տարածութիւն մը կայ, բայց պատերազմական իրադրութեան հետեւանքով սուրիացի քաղաքացիներ կը ստիպուին հասնիլ մինչեւ Համա եւ հոնկէ վերադառնալ ու հասնիլ հասնիլ «Շէյխ Մաքսուտ»ի շրջան: Ըստ մեր աղբիւրին այս անցքին բացումը կարեւոր կը համարուի Հալէպ մնացող մեր հայրենաիցիներուն համար, որոնց տուները եւ գործատեղիները կը գտնուին այդ շրջանին մէջ եւ որոնք վերջին գրեթէ վերջին 3 տարիներուն չեն կարողացած հատել այդ շրջանը: Հոն կան նաեւ հայկական գերեզմանատուներ: Յիշեցնենք, որ «Շէյխ Մաքսուտ»ը մօտիկ անցեալին կը կոչուէր ՝ «Ժապալ Ալ Սայտէ» (Սուրբ Կուսին բլրակ), ուր կային հայ 25 –30 հայ ընտանիքներ եւ կը գործէր հայ կաթողիկէ համայնքին պատկանող եկեղեցի մը, որուն ճակատագրին մասին ցարդ տեղեկութիւններ չկան: Ծանր դէպքերէն ետք շրջանի հայերուն մեծամասնութիւնը ապաստանած էր աւելի ապահով համարուած հայկական շրջաններ:Յիշեցնենք, որ այս անցքէն բացի կը գործէ «Պուսթան Ալ Քասր» անունով յայտնի ցամաքային անցքը: