image

Հակառակ ISIS-ի Արիւնալի Ահաբեկչութեան Պէյրութցիք Պիտի Պահեն Երկրի Անդորրը

Հակառակ ISIS-ի  Արիւնալի Ահաբեկչութեան  Պէյրութցիք  Պիտի Պահեն  Երկրի Անդորրը

Երէկ յետմիջօրէին   երկու   ահաբեկչական պայթումներ    գրանցուեցան Պէյրութի մէջ: Անձնասպանական  պայթումներու միջոցաւ  եղած ահաբեկչութեան զոհ  գացին   43 քաղաքացիներ, մինչ  վիրաւորեալներուն թիւը    անցաւ 230 -ը:  Զոհերուն մէջ էր նաեւ շրջանին մէջ    շեշտուած ներկայութիւն   ունեցող «Հէզպոլլահ»ի  մէկ պատասխանատուն: Մինչ լիբանանեան եւ  միջազգային   վաւերական  պատասխանատուներ  կը  դատապարտէին  եղած պայթումները, ISIS ահաբեկչեան  խմբաւորումը, իր  Թուիթերեան էջին  վրայ գրառումով մը կը ստանձնէր  ոճրային պայթումներուն  պատասխանատուութիւնը:  Լիբանանեան   «Ալ Ժատիտ»  կայանը աւելի ուշ յայտարարեց, որ    պայթումներէն զատ կար նաեւ 3-դ անձնասպան մը, որ   պայթումներուն հետեւանքով  մահացած էր եւ չէր  կրցած իր   ականուած գօտին  պայթեցնել:  Տակաւին կը խօսուի  4-րդ ահաբեկիչի մը մասին սակայն  այդ լուրը մինչեւ այս պահը ստոյգ չէ: Շիիթ  քաղաքացիներով բնակեցուած Պըրժ Ալ Պարաժնէ շրջանին մէջ եղած ահաբեկչութիւնը ուղղուած էր, ոչ միայն   երկրի Շիիթ համայնքի զաւակներուն կամ «Հէզպոլլահ»ին դէմ այլ ՝ ամբողջ Լիբանանին: Եւ ատոր համար եւս  այսօր   երեւելի է,  որ  տեղի ունեցած պայթումը աւելիով ամրացուց նոր ծիլ տուած քաղաքական համաձայնութեան մը ընդհանուր  ուղղութիւնը:  Լիբանանցիներ լաւ  գիտեն, որ Սուրիոյ մէջ  ուռճացած  ISIS-ն ու անոր քոյր կազմակերպութիւններուն հիմնական թիրախը Լիբանանն է եւ անոր կայունութիւնն ու ապահովութիւնը:   Այս պատկերին դիմաց երեւելի է նաեւ, որ միջազգային ամենաբարձր շրջանակներ սկսեալ ՄԱԿ-էն, Եւրոպական Միութիւնէն,  անցնելով Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Իրան  ու Սէուտական Արաբիա, բոլորը համամիտ են, որ Լիբանան  հեռու պէտք է պահուի Սուրիոյ մէջ տարածուած հրդեհներէն:    Հակառակ  անոր, որ այս մօտեցումը իր բնական  պատճառները ունի, սակայն յստակ է, որ շրջանին մէջ քաղաքական համաձայնութիւններու խմորման այս հանգրուանին  Պէյրութ կը ներկայանայ,   որպէս ահաբեկչութեան համար   ամէնէն  թափանցիկ եւ  հասանելի թիրախ:  Երկրի կրօնական եւ համայնքային   դրուածքին հետեւանքով  Լիբանան կը շարունակէ մնալ խոցելի: Այս բոլորէն  անդին սակայն երկրի քաղաքական ուժերուն  միակամութիւնը, որ նաեւ շեշտակիօրէն երեւելի դարձաւ երէկ ցոյց տուաւ,   որ Լիբանանը    նոր արիւնահոսութիւններէ հեռու պահելու քաղաքական  կամք մը  գոյութիւն ունի:  Ամէն  պարագային     գաղտնիք ալ չէ, որ Միջին Արեւելեան ջուրերը չեն կրնար խաղաղիլ այնքան ատեն, որ Սուրիոյ տագնապը  լուծման հունին մէջ չէ կամ առնուազն այդ տագնապին համար   լուծումներ  որոնելու    ընդհանուր  մթնոլորտ մը  չկայ:

 

 

 Սագօ  Արեան