Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ պատկերասփռուած ճառ մը արտասանեց իսլամ քարոզիչ շէյխ Հիւսէյն Քորանիի մահուան եօթնօրէքին առիթով:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ շէյխ Հիւսէյն Քորանի Հըզպալլայի հիմնադիր սերունդէն կը նկատուի` հաստատելով, որ ան միշտ պաշտպանած է, գործադրած եւ յանձնառու մնացած կուսակցութեան որոշումներուն:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ շէյխ Հիւսէյն Քորանիի կեանքը համակ նուիրում եղած է Հըզպալլայի եւ Դիմադրութեան գործունէութեան:
Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ օր մը առաջ պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի կողմէ Հարաւային արուարձաններուն դէմ յարձակում գործած իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերուն վերաբերող հետաքննութեան արդիւնքներուն յայտարարութեան: Ան նշեց, որ Պու Սաապ կարեւոր եւ մանրամասն տուեալներ ներկայացուցած է անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումին վերաբերեալ` վերահաստատելով, որ իրենք կը մերժեն ընդհարումի կանոններու փոփոխութիւնը եւ այդ իմաստով ալ պիտի շարունակեն գործել:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Իսրայէլի գործակալներուն ձերբակալումին եւ անոնց դատավարութեան առումով պէտք է բծախնդիր ըլլալ ու համապատասխան պատիժներ տնօրինել: «Ո՛վ որ ոճրագործ է, պէտք է խստագոյն պատիժներուն ենթարկուի», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ոսկեայ տարազը պաշտպանելու կարեւորութիւնը:
Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին` սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց Քուսէյրի տեղահանուածներուն ուղղուելու Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին մօտ եւ արձանագրելու իրենց անունները` տունդարձ կատարելու նպատակով:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն