image

«Գիշեր- ցերեկ կը պատրաստուինք». Իսրայէլի պատերազմի նախարարը մտահոգ է հիւսիսային ճակատով

«Գիշեր- ցերեկ կը պատրաստուինք». Իսրայէլի պատերազմի նախարարը մտահոգ է հիւսիսային ճակատով

Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Ավիկտոր Լիպըրմըն   յայտարարած է, որ հիւսիսային սահմանին վրայ «ներքին ճակատի» պատրաստուածութիւնը «լաւ չէ»: Այս մասին կը հաղոդէ «Ալ-Ժատիտ»:

 

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, Լիպըրմըն, որ մասնակցած էր «Yedioth Ahronoth»ի կազմակերպած՝ «Իսրայէլ յաջողութեան պատմութիւն» գիտաժողովին, ըսած է, որ «կարելի չէ միայն խօսքերով բաւարարուիլ»:

 

Իսրայէլեան «Ուալահ» կայքը մէջբերած է սպայակոյտի պետ Կատի Այզընքութի խօսքը, որ ըսած է. «Հիւսիսային շրջանին մէջ տիրող հանդարտութեան ետին մեզի մեծ  վտանգ կը սպասէ»: Ան աւելցուցած է, որ « «Հըզպալլա»ն Հարաւային Լիբանանի մէջ ռազմական մեծ ներկայութիւն է եւ «զէնքային համակարգ» ունի եւ իսրայէլեան բանակը գիշեր-ցերեկ կ'աշխատի, ապահովելու համար  ուժերու պատրաստակամութիւնը՝ «Հըզպալլա»ի դէմ դնելու»: