Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հաճոյքն ունի յայտարարելու իր նորակազմ Գործադիր Մարմնի նշանակումը 2020 տարուայ համար:
Իր Մարտ 28, 2020-ի նիստին, ԳՀԱԸ-ն Խնամակալներու Մարմինը նշանակեց Ժօղովի վեց խնամակալները որպէս Գործադիր Մարմին, 12 ամսուայ շրջանի մը համար, սկսեալ Ապրիլ 1, 2020-էն: «Մենք ուրախ ենք Նոր Գործադիր Մարմնով, որ կը բաղկանայ անդամներով Օնթարիոյէն եւ Գեպէքէն: Նորընտիր խումբը իր հետ կը բերէ Քրիստոնէական ծառայութեան հարուստ փորձառութիւն մը, առաքելութեան վերանորոգ զգացում մը եւ թարմ գաղափարներ, հասնելու համար աշխարհատարած մեր հայրենակիցներուն», ըսաւ Ատենապետ Միհրան Ճիզմէճեան:
Գործադիր Մարմինը կը բաղկանայ հետեւեալ անձնաւորութիւններէ.
Ռաֆֆի Շնորհօքեան, Նախագահ
Միհրան Ճիզմէճեան, Ատենապետ
Հռութ Տէմիրճեան Տէօնչ, Փոխատենապետ
Արմէն Պուչաքճեան, Քարտուղար
Ժագ Գաֆէսճեան, Գանձապահ Գեպէքի համար
Սարգիս Մարանճեան, Գանձապահ Օնթարիոյի համար
Որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն ԳՀԱԸ-ը յանձնառու է, Քրիստոսի անունով եւ սիրով, ձեռք մեկնելու եւ օգնելու Հայաստանի, Միջին Արեւելքի եւ Գանատայի կարիքաւորներուն, կրթական, ընկերային ծառայութեան եւ նիւթական գետնի վրայ:
ԳՀԱԸ-ը սերտօրէն կը գործակցի իր քոյր կազմակերպութեան՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ԱՀԱԸ-ն հետ:
Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան, ԳՀԱԸ-ն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելեցէք www.amacnews.org
Միհրան Ճիզմէճեան
Ատենապետ
Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն
Հասցե՝ 45 Ֆէյրկլէն Պողոտա, Թորոնթօ, Օնթարիօ, M1T 1G8, Գանատա
Հեռաձայն՝ 1-416-434-5809; 1-514-947-2346
Կայքէջ՝ amacnews.org Էլ. փոստ՝ info@amacnews.org
2020-03-28