image

Գամիշլիի մէջ պայթում. Ասորի համայնքը մեծ սպանդէ փրկուեցաւ (Լուսանկարներ)

Գամիշլիի մէջ պայթում. Ասորի համայնքը մեծ սպանդէ  փրկուեցաւ (Լուսանկարներ)

Անձնասպանական պայթում մը գրանցուած է Գամիշլիի  Գուաթլի  թաղամասին մէջ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գամիշլիի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ  անձնասպան մը ինքզինք  պայթեցուցած է       «Գանատի»  պարտէզին    մօտ գտնուող անցարգելային   կէտի մը վրայ:  Ըստ  AFP-ի, պայթումը  գործադրուած  է  Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման  կողմէ, պայթումին հետեւանքով  զոհուած  են   3  անձեր:    Ըստ  նախնական  տուեալներու,  անձնասպանը  նպատակ ունէր ներխուժել այն սրահը, ուր ասորի համայնքի  անդամներ   ոգեկոչման միջոցառում  կը կատարէին: Միջոցառման նաեւ մասնակցած են Գամիշլիի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ  եւ կրօնաւորներ: Նշենք, որ ասորիներու Իգնատիոս Բ.Եփրեմ  Պատրիարք այսօր հովուական այցով  կը գտնուէր Գամիշլի եւ իր հովանաւորութեամբ  կատարուած էին  ոգեկոչման միջոցառումներ ու այս առթիւ  կանգնեցուած էր  խաչքար մը՝ Ասորի զոհերու յիշատակին: Կացութիւնը Գամիշլիի մէջ կը շարունակէ մնալ լարուած: