ԱՄՆ-ի կողմէ սահմանուած պաժամիջոցները, ամենայն հաւանականութեամբ, պատճառ պիտի դառնան, որ եւրոպական ընկերութիւնները հեռանան Իրանէն: Այս մասին, ըստ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին, Չինաստանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է գերմանացի քաղաքական գործիչ Անկելա Մերքէլ:
Ինչ կը վերաբերի այն հարցին, թէ արդեօք չինական ընկերութիւնները կրնա՞ն փակել եւրոպական ընկերութիւններու թողած բացը, Մերքէլ նշած է, որ այդ հարցը չինական կողմին կը վերաբերի:
Միաժամանակ Մերքէլ յայտնած է, թէ Գերմանիա հաւատարիմ պիտի մնայ միջուկային նախագիծի դրոյթներուն, հակառակ անոր, որ այն ոչ ամբողջութեամբ իտէալական է: