Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Վարակիչ Հիւանդութիւններու հիմնարկի տնօրէն Անթոնի Ֆաուչի, իր վերապահ լաւատեսութիւնը յայտնած է «Մոտերնա» ընկերութեան մշակած «Քորոնա»-ի պատուաստի արդիւնքներուն մասին: Ֆաուչի այս մասին խօսած է CNN-ի հետ զրոյցի ընթացքին եւ ըսած, թէ առաջին փուլի դրական արդիւնքները շատ լաւ նշան են, յաղթահարուած է կարեւոր խոչընդոտ մը պատուաստի ստեղծման մէջ:
Ան խորհուրդ տուած է ամերիկացիներուն դուրս ելլել եւ վայելել մաքուր օդը, պահպանելով պետութեան կողմէ սահմանուած օրէնքները.- «Դուրս ելէք, դիմակ դրէք, եւ 6 ոտք (1,8 մեթր) հեռու մնացէք ուրիշներէ: Ելէք վազելու, պտոյտի, ձկնորսութեան, այնքան ատեն որ դիմակով էք, խճողումի մէջ չէք եւ չէք վարակեր ուրիշները: Այս է նպատակը դիմակին ու ընկերային հեռաւորութեան»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Թրամբ, հաստատած էր, որ ամերիկեան կարգ մը ընկերութիւններ հասած են արդէն յառաջացած հանգրուաններու՝ ոչ միայն պատուաստի մշակման, այլ նաեւ բուժումի ու դեղերու արտադրութեան մէջ:
Նախագահ Թրամբ նաեւ յայտարարած է, թէ մտադիր է, ամերիկեան դրօշները խոնարհել, «Քորոնա» վարակով մահացածներու յիշատակին, որոնց թիւը գերազանցած է 93000-ը: